ՊԸՐՊԵՆՔԻ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՄԵՐԳ

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս մասնաւոր համերգ մը տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակին առթիւ։ Յոբելենական այս բացառիկ ձեռնարկը հովանաւորեց Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Ս. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճարի երդիքին տակ գործադրուեցաւ յայտագիրը։ Յայտնի դաշնակահարուհի Կարինէ Պօղոսեան հանդէս եկաւ՝ Արամ Խաչատուրեանի գործերու կատարումներով։ Ան գերազանց մեկնաբանական կարողութիւնով ու վարպետութեամբ արժանացաւ բոլորի ծափահարութիւններուն։ Երեկոյթի կազմակերպման հովանաւորն էր Գրիգոր եւ Մառլէն Երեւանեան ամոլը։ Ձեռնարկի աւարտին առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան գնահատեց թէ՛ Կարինէ Պօղոսեանը եւ թէ Երեւանեանները, որոնց յանձնուեցան յիշատակներ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2023