ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմը ներկայիս բազմակողմանի ծրագրով մը կը նշէ իր հիմնադրութեան 90-ամեակին ձօնուած յոբելեանը։ Այս շրջագծով յառաջիկային նախատեսուած է եկեղեցական խորհրդաժողով մը, որու ընթացքին պիտի քննարկուին հայոց ազգային-եկեղեցական կեանքի այժմու հրատապ խնդիրները։ Պըրպենքի Առաջնորդարանի դիւանին կողմէ հրապարակուած հետեւեալ մամլոյ հաղորդագրութիւնը մանրամասնութիւններ կը բովանդակէ այս խոր-հըրդաժողովին մասին։ Հարկ է նշել, որ խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ, իսկ ծրագրի պատասխանատուն է՝ Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան։
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական հաստատման 90-ամեակին առիթով, ա՛յլ ծրագիրներու շարքին. Թեմի Սրբազան Առաջնորդ՝ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ, Եկեղեցականներու երկօրեայ խորհրդաժողովի (conference) լուրջ ծրագիր մը մշակուեցաւ, որ տեղի պիտի ունենայ Փետրուարի 2-3 թուականներուն: Թեմին 90-ամեակի նշումը եւ տօնախմբութիւնը մեկնակէտ ունի Արեւմտեան Թեմէն ներս կարելիին չափ «հոգեւոր շարժում» եւ «կրօնական զարթօնք» մը ստեղծելու իբր հիմնական նպատակ:
Նոր ժամանակներու կրօնական, հոգեւոր, ընկերային եւ բարոյական մտածողութեան, ըմբռնումներու եւ արժէքներու անկումը եւ լուսանցքայնացումը (marginalizing) կը պարտադրեն մեզ նոր մղում, նոր աշխուժութիւն տալու եկեղեցւոյ «Աւետարանչական առաքելութեան»:
Խորհրդաժողովին ներկայ պիտի գտնուին Արեւմտեան Թեմի բոլոր հոգեւորականները: Իսկ եկեղեցական, աստուածաբանական, ընկերային եւ բարոյական ժամանակակից նիւթերով եւ հարցերով ուսումնասիրուած զեկոյցներ պիտի ներկայացնեն Արեւմտեան Թեմի որոշ եկեղեցականներ, որոնք իրենց յանձնուած նիւթերը պիտի զարգացնեն եւ ներկայացնեն համալրուած՝ ամբողջական կերպով: Ընտրուած հարցանիւթերը պիտի առաջնորդեն նիւթերու համապատասխան քննարկումներու եւ գնահատականներու՝ գործնականապէս նպաստելու համար հաւատացեալներու կրօնական դաստիարակութեան եւ քրիստոնէական կեանքի զարգացումին եւ զօրացումին:
Եկեղեցին, որպէսզի կարենայ պահել եւ զօրացնել իր առաքելութեան «այժմէութիւնը» եւ «կենսունակութիւնը»՝ պարտաւորութեան տակ կը գտնուի աստուածաշնչական, աստուածաբանական, բարոյական եւ ընկերային ժամանակակից շունչով արտայայտուելու, լուսաւորելու, ուղղութիւն եւ հոգեւոր բաւարարութիւն տալու հաւատացեալներուն: Եկեղեցին կը փորձէ վերարժեւորել եւ վերասահմանել իր կրօնական-եկեղեցական սկզբունքները եւ արժէքները: Հայ Եկեղեցւոյ դիմաց կան անսպառ կարելիութիւններ…:
Այս նպատակով, Արեւմտեան Թեմի հաստատման 90-ամեակի առաջին խորհրդաժողովի ընթացքին քննարկումի պիտի ենթարկուին հետեւեալ ոլորտները եւ նիւթերը.
1. «Երիտասարդներու «գործօն» մասնակցութիւնը եկեղեցւոյ կեանքէն ներս» (Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Աշ):
2. «Ոչ-ուղղափառ կամ կրօնական տարբեր հոսանքներու եւ կազմակերպութիւններու «այլասերում»ի վնասակար դերը մեր ժողովուրին մէջ» (Տ. Եղիա Քհնյ. Եսայեան):
3. «Բարեպաշտութիւնը եւ ծիսական պաշտամունքը քրիստոնեայի «հոգեւոր կեանք»ին իբր աղբիւր» (Տ. Զաւէն Քհնյ. Մարկոսեան):
4. «Քրիստոնէական վկայութիւն՝ նոր ժամանակներու մէջ» (Տ. Գրիգոր Քհնյ. Զաքարեան):
5. «Հայ Եկեղեցւոյ «ազգային» դիմագիծի հասկացողութիւնը կամ «ազգայնականութի՞ւն», թէ Սուրբ Աւետարան, յղացքի յստակում, վերասահմանում, նշանակութիւն» (Տ. Յովէլ Քհնյ. Օհանեան):
6. «Փնտռտուք քրիստոնէութեան իսկական ակունքներուն» (Տ. Աւետիս Քհնյ. Աբովեան):
7. «Եկեղեցին ինչպէ՞ս դարձնել ժամանակակից» (Տ. Վազգէն Քհնյ. Մովսէսեան):
8. «Եկեղեցւոյ դիմագրաւած ընկերային եւ բարոյական հարցերը» (Տ. Յարութիւն Քհնյ. Թաշճեան):
9. «Եկեղեցին սուրբերու խումբ չէ, այլ ապաշխարող հաւատացեալներու» (Տ. Շնորհք Ա. Քհնյ. Տեմիրճեան):
10. «Հայ Եկեղեցին Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ» (Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Փեթոյեան):
11. «Քրիստոնէական հաւատքին պաշտպանութիւնը» (Տ. Վարդան Ա. Քհնյ. Գասպարեան):
12. «Հայ Եկեղեցին 16-րդ եւ 17-րդ դարերուն. հոգեւոր եւ մշակութային զարթօնք» (Տ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեան):
13. «Ս. Պատարագի «Ողջոյնը» կամ «Սիրոյ համբոյրը» եւ անոր աստուածաբանական բովանդակութեան դիտաւորութիւնը» (Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան):
Խորհրդաժողովին յատուկ քննարկումի պիտի ենթարկուին նաեւ հետեւեալ երկու կարեւոր նիւթերը. «Աշխարհական հաւատացեալներուն մասնակցութեան կարեւորութիւնը ծուխերու կրօնական կեանքէն ներս» եւ «Քրիստոնեայ հաւատացեալին պարտաւորութիւնները՝ իբր հաւատքի, խիղճի եւ համոզումներու գործնական կատարում (ինքնութիւն, պատկանելիութիւն, նուիրում եւ աշխատանք)»:
Քրիստոնէութեան մարդկային եւ ընկերային արժէքներուն փնտռտուքը, պահպանումը, անոնց զարգացումը եւ իւրացումը կենսական պայմաններ են եկեղեցւոյ յաջող առաքելութեան եւ հաւատացեալներու կեանքին համար, որովհետեւ մեր համայնքներուն դիմագրաւած կենցաղային, ընկերային, կրօնական եւ եկեղեցական մարտահրաւէրները կը սպառնան հայ քրիստոնեայ անհատը կտրել իր կրօնական-եկեղեցական արմատներէն:
Յառաջիկայ Փետրուարի 2-3 թուականներուն եկեղեցական խորհրդաժողովի ընթացքին ներկայացուելիք բոլոր նիւթերն ալ յատուկ դիտաւորութեամբ այս միտքով կը բանին եւ այս ուղղութեամբ կ՚ընթանան: Միայն «պահպանելու» գաղափարը «պարտուողական» շունչ մը ունի եւ նոյնիսկ «ետքայլ»ի, «մաշում»ի եւ «կազմալուծում»ի տանող երեւոյթ մը կը մատնանշէ կարծէք: Եկեղեցին այս մտահոգութիւնը կÿապրի այսօր…:
Եւ ճիշդ այս մտահոգութեամբ է, որ Արեւմտեան Թեմի խորհրդաժողովը հիմնականօրէն կը հետապնդէ թեմի եկեղեցական համայնքներուն կամ հաւատացեալներուն կրօնական թեքումներու անձնական թէ հաւաքական գիտակցութիւնը. աշխուժացումը եւ հզօրացումը, միշտ աւելի հիմնաւոր երաշխիքներով ապահովելու համար հաւատացեալ ժողովուրդին «քրիստոնէական կեանք»ին իսկական ապրումը…: