ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՍՈՒՐԲ ՎԱՐԴԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ ՄԵԾ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԱՊՐՈՒԵՑԱՒ ՏԻՐՈՋ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Նիւ Եորք քա­ղա­քի սրտին վրայ կա­ռու­ցուած Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ գե­ղա­կերտ Ս. Վար­դան մայր տա­ճա­րին մէջ հան­դի­սա­ւոր կեր­պով նշուե­ցաւ մեր Փրկչին՝ Յի­սուս Քրիս­տո­սի Ս. Ծննդեան եւ Աս­տ-ւա­ծա­յայտ­նու­թեան տօ­նը:

Յու­նուար 5-ի ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ Ս. Ծննդեան եւ Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան Ճրա­գա­լոյ­ցի Ս. Պա­տա­րա­գը՝ հոծ թի­ւով հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ: Պա­տա­րա­գիչն էր Ա­ռաջ­նոր­դի Փո­խա­նորդ Տ. Սի­մէոն Ա­բե­ղայ Օ­տա­պա­շեան: Իսկ Յու­նուար 6-ին, Ս. Ծննդեան տօ­նին ա­ռի­թով, ե­պիս­կո­պո­սա­կան Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեա­ն: Ա­ւե­լի քան եօթ հա­րիւր հա­ւա­տա­ցեալ­ներ ներ­կայ գտնուե­ցան հո­գե­պա­րար այս ա­րա­րո­ղու­թեան: Ներ­կայ էին նաեւ Տ. Ե­ղի­շէ Արք. Կի­զի­րեան, Ս. Ներ­սէս ըն­ծա­յա­րա­նի տե­սուչ Տ. Մար­տի­րոս Քհնյ. Չե­ւեան եւ Տ. Պետ­րոս Քհնյ. Քա­տէհ­ճեան: Զոյգ օ­րե­րու եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց Ս. Վար­դան մայր տա­ճա­րի դպրաց դա­սը՝ ղե­կա­վա­րու­թեան խմբա­վար Խո­րէն Մէյ­խա­նէ­ճեա­նի եւ եր­գե­հո­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Ֆլո­րենս Ա­ւա­գեա­նի:

Հա­ւա­նու­թեամբ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դին եւ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի Զար­գաց­ման բա­ժան­մուն­քի կար­գադ­րու­թեամբ՝ ա­ռա­ջին ան­գամն ըլ­լա­լով կրօ­նա­շունչ այս ա­րա­րո­ղու­թեան, նոյն պա­հուն, ա­ւե­լի քան եր­կու հա­զար հո­գի­ներ կրցան հե­տե­ւիլ հա­մա­ցան­ցի մի­ջո­ցաւ:

Պա­տա­րա­գիչ Սրբա­զան Հայ­րը իր քա­րո­զին մէջ նախ իր խորհր­դա­ծա­կա­նը ը­րաւ Ս. Ծննդեան եւ Աստուա­ծա­յայտ­նու­թեան տօ­նին մա­սին, ա­պա խօ­սե­ցաւ այն կտա­կին մա­սին, զոր ե­ղեռ­նին զո­հուած մեր բիւ­րա­ւոր նա­հա­տակ­նե­րը ժա­ռանգ ձգած են յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն: Կտակ մը՝ որ մա­հուան պա­տաս­խա­նեց վե­րապ­րե­լով, ա­ւե­րու­մին՝ նո­րաս­տե­ծու­թեամբ: Կտակ մը, որ դի­մա­ցաւ ող­բեր­գու­թեան, սա­կայն եր­բեք ո­րե­ւէ ող­բեր­գու­թիւն չպատ­ճա­ռեց այ­լոց: Նուէր մը՝ որ ա­ռաջ­նոր­դեց եւ կ­ÿա­ռաջ­նոր­դէ մեզ մեր կեան­քի ըն­թաց­քին: Իւ­րա­քան­չիւր սե­րունդ, որ ժա­ռան­գած է այս կտա­կը, պար­տա­կա­նու­թիւն ու­նի վե­րա­նո­րո­գել զայն եւ իր կար­գին փո­խան­ցե­լ յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն:

Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի տե­ղի ու­նե­ցաւ ջրօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւ­ն, ո­րուն կնքա­հայրն էր վեր­ջերս կազ­մուած Ս. Վար­դան մայր տա­ճա­րի խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ եւ ծա­նօթ ազ­գա­յին Ճորճ Մա­րու­թեան: Ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք՝ Ս. Միւ­ռո­նով օրհ­նուած ջու­րը, փոք­րիկ մաս­նա­ւոր գա­ւաթ­նե­րու մէջ, բաժ­նուե­ցաւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն:

Ա­ւան­դու­թիւն դար­ձած Ս. Ծնըն-դեան ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի «Հայկ եւ Ա­լիս» շքեղ հան­դի­սաս­րա­հին մէջ, ուր հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեան տե­ղի ու­նե­ցաւ տնօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւ­ն եւ օրհ­նուած նշխար­ներ բաժ­նուե­ցան ներ­կա­նե­րուն: Ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին Պրուք­լի­նի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ հայ դպրո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րու «Աստ­ղիկ­ներ» հա­մոյ­թը յա­ջող ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ՝ խան­դա­վա­ռե­լով ներ­կա­նե­րը:

Շաբաթ, Յունուար 16, 2016