«ՍԱՐԿԱՒԱԳՈՒՀԻՆԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱԼ ԶԳՈՅՇ»

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան յայտնեց, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին վերջին տասնամեակներուն սարկաւագուհիներու եւ դպիրներու ձեռնադրման աւանդոյթի վերականգնման հարցը քննարկած է զանազան մակարդակներու վրայ, սակայն այս ուղղութեամբ առայժմ չկայ որեւէ կրօնական-ժողովական որոշում կամ հայրապետական տնօրինութիւն։ «Արմէնփրէս»ին տուած հարցազրոյցին մէջ ան յայտնեց, որ շատ զգոյշ պէտք է ըլլալ որեւէ աւանդոյթի վերականգնման քննարկումներու ժամանակ, հաշուի պէտք է առնել բազում հանգամանքներ։

Վերջին շրջանին զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ տեղի ունեցան հրապարակումներ, ըստ որոնց Թեհրանի մէջ կատարուած է կին սարկաւագի մը օծումը։ Սա որակուեցաւ որպէս պատմական քայլ։ Տէր հայրը այս կապակցութեամբ ըսաւ հետեւեալը. «Իսկապէս, Հայոց Եկեղեցին պատմութեան ընթացքին ունեցած է սարկաւագուհիներ, որոնք ապրած եւ գործած են կուսանոցներու եւ մենաստաններու մէջ։ Այսօր դժուար է ստուգութեամբ պնդել, թէ ե՛րբ եւ ի՛նչ պատճառով սկսած է կանանց դպիր կամ սարկաւագ ձեռնադրուելու աւանդութիւնը մեր եկեղեցւոյ մէջ։ Մեզի հասած մատենագրական տուեալները սարկաւագուհիներու մասին յստակ կը խօսի Թ.-Ժ. դարերէ սկսեալ։ Այս մասին տուեալներ պահպանուած են նաեւ Սմբատ սպարապետի եւ Մխիթար Գօշի «Դատաստանագիրքերուն» մէջ։ Ստեփաննոս Օրբելեանի «Պատմութիւն նահանգին Սիսական» աշխատութեան մէջ եւ Եսայի Նչեցիի թուղթերէն մէկուն մէջ։ Կանանց սարկաւագութեան վերազարթօնք տեղի ունեցած է յատկապէս ԺԷ. դարուն, երբ յատկապէս Սիւնիքի մէջ ստեղծուած են քանի մը կուսանոցներ։ Այդ ժամանակ, մասնաւորապէս, յայտնի էին Շէնհէրի կուսանաց անապատի սարկաւագուհիները, որոնք բացի իրենց բուն պարտականութիւններէն, նաեւ ձեռագրեր կ՚ընդօրինակէին։ ԺԹ. դարուն յայտնի էին նաեւ Նոր Ջուղայի Ս. Կատարինէ, Թիֆլիզի Ս. Ստեփանոս եւ Շուշիի կուսանոցները, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ Գալֆաեան վանք-կուսանոցը։ 20-րդ դարուն կուսանոցներու վերացման եւ սարկաւագուհիներ ունենալու անհրաժեշտութեան բացակայութեան պատճառներով դադրած է այս աւանդութիւնը մեզ մօտ։ Թէեւ նախորդ դարուն՝ յատկապէս Պոլսոյ պատրիարքութեան մէջ կատարուած են կանանց դպրական, կիսասարկաւագութեան եւ սարկաւագութեան քանի մը ձեռնադրութիւններ։ Այս պարագային մենք չենք կրնար խօսիլ Հայ Եկեղեցւոյ ընդհանրական աւանդութեան մասին, այլ՝ տեղականի»։

Հարցազրոյցի տեւողութեան տէր հայրը շեշտած է, որ խնդիրը այստեղ դարերու ընթացքին եղած աւանդութեան մը վերականգնման մասին է։ «Կինը եւ տղամարդը իրաւահաւասար են՝ ստեղծուած Աստուծոյ պատկերով եւ նմանութեամբ եւ ունին իրենց պարտաւորութիւններն ու իրաւունքները։ Այս պարագային երբեք պէտք չէ կանանց սարկաւագութիւնը շփոթել կանանց քահանայութեան հետ, ինչ որ ընդունելի չէ Ուղղափառ ընտանիքի եկեղեցիներուն համար։ Ի տարբերութիւն քրիստոնէական միւս եկեղեցիներուն՝ Հայ Եկեղեցին իր լայնախոհութեամբ ունեցած է սարկաւագուհիներ եւ մեծ տեղ յատկացուցած եկեղեցական կեանքի մէջ կանանց ներգրաւուածութեան», ըսաւ ան։

Երեքշաբթի, Յունուար 16, 2018