ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԱՆԳԼԻԱՅԷՆ ՀԻՒՐԵՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Անգլիոյ խորհրդարանէն Սըր Ճոն Ուիթինկտէյլի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ՝ հիւրընկալուելով Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Երէկուան հանդիպման ներկայ էր նաեւ Լոնտոնի մօտ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան։
Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի առջեւ ծառացած անվտանգային հիմնախնդիրներուն։ Ան ցաւով արձանագրեց, որ հակառակ բանակցային գործընթացին՝ Ատրպէյճանի կողմէ կը շարունակուին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու դէմ ոտնձգութիւնները, սահմանին վրայ կը պատահին սադրիչ գործողութիւններ, որոնք կը խլեն զոհեր ու վիրաւորներ։ Նորին Սրբութիւնը առկայ իրադրութեան մէջ կարեւորեց միջազգային հանրութեան կողմէ առարկայական ջանքերու գործադրումը Ատրպէյճանի ռազմատենչ ու ծաւալապաշտ նկրտումներու կասեցման համար։
Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց նաեւ ներկաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ էքիւմենիք յարաբերութիւններուն եւ զանազան ոլորտներու մէջ անոր գործողութեան։