ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ԴԱՒԻԹ ԱՐՔ. ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ Մարտ 14-15-ի գի­շե­րը Լիո­նի մէջ վախ­ճա­նած է Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ե­պիս­կո­պո­սաց դա­սու ե­րի­ցա­գոյն ան­դամ­նե­րէն Տ. Դա­ւիթ Արք. Սա­հա­կեան։ Յետ եր­կա­րա­տեւ հի­ւան­դու­թեան ան 81 տա­րե­կան հա­սա­կին հրա­ժեշտ կ՚առ­նէ երկ­րա­ւոր կեան­քէն։

Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով Գրի­գոր, Տ. Դա­ւիթ Արք. Սա­հա­կեան 1935-ին ծնած էր Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ, ուր 1957-ին ձեռ­նադ­րուած էր կու­սակ­րօն քա­հա­նայ, ձե­ռամբ՝ Տ. Տի­րան Արք. Ներ­սո­յեա­նի։ Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ ե­ղած էր տպա­րա­նի եւ «Կիւլ­պէն­կեան» մա­տե­նա­դա­րա­նի տե­սուչ, դա­սա­ւան­դած՝ Ժա­ռան­գա­ւո­րաց եւ Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ։ Ե­ղած էր Ամ­մա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ եւ Հե­թու­մեան վար­ժա­րա­նի տե­սուչ։ 1960-ին հո­գե­լոյս Տ. Ե­ղի­շէ Պատ­րիարք Տէր­տէ­րեա­նի կող­մէ ձեռ­նադ­րուած էր վար­դա­պետ։ Հինգ տա­րի վերջ, ե­րա­նաշ­նորհ Տ.Տ. Վազ­գէն Ա. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ ստա­ցած էր ծայ­րա­գոյն վար­դա­պե­տու­թեան աս­տի­ճա­նը։ Հո­գե­ւոր հո­վի­ւի պաշ­տօն­ներ վա­րած էր Լիո­նի եւ շրջա­կայ­քին, նաեւ Զուի­ցե­րիոյ մէջ։ 1976-ին դար­ձեալ Վազ­գէն Ա. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ ձեռ­նադ­րուած էր ե­պիս­կո­պոս ու նշա­նա­կուած՝ Ֆրան­սա­յի կեդ­րո­նա­կան շրջա­նի հայ­րա­պե­տա­կան պա­տուի­րա­կի փո­խա­նորդ։ 1980-ին նշա­նա­կուած էր Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի կա­թո­ղի­կո­սա­կան պա­տուի­րակ։ Ե­րեք տա­րի վերջ վե­րա­դառ­նա­լով Եւ­րո­պա՝ 1983-ա­կան­նե­րու ա­ռա­ջին կէ­սին ծա­ռա­յած էր Գեր­մա­նիոյ հայ­կա­կան գա­ղու­թին, իսկ երկ­րորդ կէ­սին՝ Փա­րի­զի Ս. Յով­հան­նէս Մկրտիչ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ 1988 թուա­կա­նին վե­րա­դար­ձած էր Ե­րու­սա­ղէմ՝ նշա­նա­կուե­լով Ս. Ա­թո­ռի դի­ւա­նա­պետ եւ Ըն­ծա­յա­րա­նի դա­սա­խօս։ 1990 թուա­կա­նին Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան Միա­բա­նա­կան ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին կող­մէ ընտ­րուած էր Ս. Ա­թո­ռի լու­սա­րա­րա­պետ ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ վա­րած՝ կրթա­կան եւ վար­չա­կան պաշ­տօն­ներ։ 1991 թուա­կա­նին հո­գե­լոյս Վազ­գէն Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը ի­րեն շնոր­հած էր ար­քու­թեան պա­տիւ։ 1997 թուա­կա­նին վե­րա­դար­ձած էր Լիոն։

Տ. Դա­ւիթ Արք. Սա­հա­կեան Ֆրան­սա­յի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ պար­գե­ւատ­րուած էր եր­կու ան­գամ։

Տ. Դա­ւիթ Արք. Սա­հա­կեան զա­նա­զան շրջան­նե­րու մէջ պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ու­ղար­կուած էր նաեւ դէ­պի Ի­րաք եւ Հնդկաս­տան։

Վեր­ջին շուրջ տաս­ներ­կու տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ան կը տա­ռա­պէր ե­րի­կամ­նե­րու եւ լեար­դի խնդիր­նե­րէ ու շա­րու­նակ կ՚են­թար­կուէր տիա­լի­զի։ 

Չորեքշաբթի, Մարտ 16, 2016