ՈՒՏԵԼ ԿԱՄ ՉՈՒՏԵԼԴ ԲԱՆ ՉԻ՛ ՓՈԽԵՐ

Մեծ Պահքի 25-րդ օրն է:

Պահեցողութեան ընթացքին շատերու համար այսինչ կամ այնինչ բանը ուտելը կամ չուտելը մեծ հարցի կը վերածուի, եւ շատ մանրանալով ու խորանալով նմանատիպ հարցերու մէջ, շատ յաճախ պահեցողութեան բուն նպատակէն կը շեղին, այդպէսով իրենց կատարած աշխատանքը փճացնելով:

Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն ուղղած իր առաջին նամակին մէջ կը խօսի կուռքերուն զոհուած կերակուրներուն մասին, ուր կ՚ըսէ. «Ոմանք դեռ մինչեւ հիմա խղճի հարց կ՚ունենան, երբ կուռքերուն զոհուած կերակուրներէն կ՚ուտեն. եւ որովհետեւ իրենց խղճմտանքը տկար է, իրենք զիրենք պղծուած կը զգան: Բայց կերակուրը չէ որ մեզ Աստուծոյ ներկայութեան կը բերէ: Ո՛չ ուտելով բան մը կը շահինք, ո՛չ ալ չուտելով բան մը կը կորսնցնենք: Բայց, զգո՛յշ եղէք. չըլլայ որ ձեր ազատութիւնը գայթակղութեան պատճառ դառնայ տկարներուն համար» (Ա. Կր 8.7-9):

Այսօր, երբ մենք մեզ ուտելիքին կը կապենք, թէ ի՛նչ ուտենք կամ ի՛նչ չուտենք, ապա ուտելիքը մեզի կուռք դարձուցած կ՚ըլլանք, եւ մեր այս կամ այն տեսակի ուտելիքը ուտելով՝ գայթակղութիւն կրնանք պատճառել մեր հաւատակից եղբայրներուն եւ քոյրերուն: Ասկէ պէտք չէ հետեւցնել, սակայն, որ կարելի է ազատ վարուիլ, պահք չպահել, եւ այլն. ո՛չ, խօսքը այդ մասին չէ, այլ՝ պահեցողութեան պէտք է մօտենալ հոգեւոր ակնոցով, իսկ երբ հոգեւոր ակնոցով մօտենանք պահեցողութեան, այլեւս առիթ չենք ունենար մտածելու՝ ա՞յս, թէ՞ այն տեսակի ուտելիքը ուտեմ, ընդհակառակը, կեդրոնանալով հոգեւորին վրայ, մեր ընթացքը դիւրութեամբ կ՚ընթնանք, եւ Սուրբ Հոգին Ի՛նք կ՚առաջնորդէ մեզ այնպէս՝ որ մեր պահուածքով, ուտելով կամ չուտելով գայթակղութիւն չպատճառենք մեր նմաններուն:

Ատկէ անդին, երբ զգանք, թէ մեր ուտելը կամ չուտելը կը գայթակղեցնէ մեր նմանը, պէտք է զգոյշ ըլլանք, որպէսզի չգայթակղեցնենք ուրիշները: Պօղոս առաքեալ, դարձեալ կուռքերուն զոհուած կերակուրներու մասին խօսելով, կ՚ըսէ. «Եթէ իմ ուտելս կը գայթակղեցնէ հաւատակից եղբայրս՝ բնաւ միս չեմ ուտեր, որպէսզի եղբայրս չգայթակղեցնեմ» (Ա. Կր 8.13): Պահեցողն ալ, երբ նկատէ, որ իր եղբայրը կամ քոյրը կը գայթակղի իր այս կամ այն բանը ուտելուն համար, աւելի լաւ պիտի ըլլայ, որ չուտէ ու չգայթակղեցնէ զանոնք, քան ուտելով թէ՛ զանոնք գայթակղեցնէ եւ թէ ի՛նք տուժէ՝ զանոնք գայթակղեցնելուն համար:

Հետեւաբար, զգոյշ պէտք է ըլլանք, ուտելիքին վրայ չկեդրոնանաք, այլ՝ հոգեւորին, եւ մեր՝ ցանկացած բան ուտելով կամ չուտելով չգայթակղեցնենք մեր նմանները: Իսկ ամենէն կարեւորը, պէտք է գիտակցինք ու լաւապէս հասկնանք, թէ ուտելը կամ չուտելը բան չեն փոխեր, աւելին՝ ուտելը կամ չուտելը չեն, որ մեզ պիտի փրկեն, այլ՝ մեր սիրտին դիրքը, մեր խղճմտանքին ուղղուածութիւնը, մեր հոգիին ջերմեռանդութիւնը առ Աստուած: Այս մտածումներով ու համոզումներով շարունակենք պահեցողութեան մնացեալ ընթացքը, ապահով կերպով հասնելու համար խաղաղ նաւահանգիստ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

7 մարտ 2023, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 16, 2023