ՔԱՐՈԶ ՊԱՀՔԻ ՄԱՍԻՆ
Մեծ պահքի երեսունչորրորդ օրն է:
Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ երջանկայիշատակ հայրապետներէն՝ Կիւրեղ Զ.-ի մէկ քարոզը, պահքի մասին:
• Պահքով է որ բարութեան թշնամիին կը յաղթենք։
Տէր ըսաւ. «Բայց այս տեսակ չար ոգին միայն աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ կարելի է դուրս հանել» (Մտ 19.21)։
Պահքը զէնք մըն, որ մարգարէները օգտագործեցին։ Մովսէսը, Եղիան, Նինուէացիները պահք պահեցին եւ Աստուած Իր բարկութիւնը վերցուց անոնց վրայէն։ Օտարութեան մէջ ալ Դանիէլը պահք պահեց։ Եւ ի՜նչ գեղեցիկ է Գիրքին իր մասին ըրած նկարագրութիւնը, ուր կ՚ըսուի թէ իր սիրտին մէջ դրաւ թագաւորին համեղ (կերակուրներէն) չպղծուի, որուն հետ մասնակից եղան նաեւ երեք սուրբ երիտասարդները, եւ Տէրը անոնց պահեցողութեան ընթացքին՝ բոլոր մարդոց առջեւ շնորհք տուաւ, առողջութիւն, ուժ եւ գեղեցկութիւն, միւս բոլոր երիտասարդներէն աւելի, որոնք թագաւորին համեղ (կերակուրներէն) կերան։
Պահեցողութիւնը սիրելի զաւակներս, այն զէնքն է, որու միջոցաւ մարմինին ցանկութիւնները կը հնազանդեցուին, որպէսզի հոգին աճի։ Այդ պատճառով պահեցողութիւնը հոգեւորութամբ կը յատկանշուի։ Մարմինին համար առաքինութիւն մը չէ միայն։
Քրիստոնէութեան մէջ պահեցողութիւնը՝ որոշ ժամանակի մը համար դարդրիլն է ուտելէ, որու կը յաջորդէ ուտել որոշ ուտելիքներ, որոնց մէջ անասուններու արիւն չկայ։ Սակայն, ասոր կողքին պահեցողութիւնը պէտք է յատկանշուի հոգեւոր առաքինութիւններով, որոնք հոգեւոր բնոյթ կու տան պահեցողութեան։
Մարգարէն կ՚ըսէ. «Ինծի դարձէ՛ք ձեր բոլոր սրտովը՝ ծոմապահութեամբ, լալով ու սգալով» (Յվլ 2.12)։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ