ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Հայաստանի գերագոյն մարմնի նորընտիր անդամները՝ գլխաւորութեամբ Դաշնակցութեան պիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի։ Հանդիպման ընթացքին Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի գերագոյն մարմնի նորընտիր ղեկավարութեան կազմը։ Նորին Սրբութիւնն ալ ներկաներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու շնորհաւորութիւնները՝ Հայ յեկափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի գերագոյն մարմնի ընդգրկուելու կապակցութեամբ։ Ան շեշտեց, որ Հայաստանի տեսակէտէ ծանր ժամանակաշրջանի մը մէջ անոնք ստանձնած են իրենց այս պատասխանատու առաքելութիւնը։ Ուստի, Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, որ ամենայն նուիրումով ու նախանձախնդրութեամբ ծառայութեան լծուին ի շահ հայրենիքի եւ ի խնդիր ազգի արժանապատիւ ու լուսաւոր գալիքի կերտման։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած անվտանգային խնդիրներուն, մասնաւորապէս կարեւորուեցաւ միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք համագործակցութեան սերտացումը՝ ի նպաստ առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման եւ երկրի զօրացման։

Հարկ է նշել, որ Դաշնակցութիւնը ներկայիս մաս կը կազմէ ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքին։ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս կայ համանուն խորհրդարանական խմբակցութիւն մը, որու կազմին մէջ կը գտնուին նաեւ դաշնակցական երեսփոխաններ։

Ուրբաթ, Յունիս 16, 2023