ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ շքանշաններու յանձնման արարողութիւն մը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ այս արարողութիւնը։ Հայրենանուէր եւ ազգօգուտ ծառայութեան, ինչպէս նաեւ արուեստի եւ երաժշտութեան բնագաւառէն ներս ձեռքբերումներու համար Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» պատուոյ բարձր շքանշաններով պարգեւատրուեցան նկարիչ Զախար Խաչատրեան եւ Փրոֆ. Սվետլանա Նաւասարդեան։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ բարձր գնահատանքով յանձնեց պարգեւատրեալներուն շքանշանները եւ իր պատգամին ընթացքին անոնց տուաւ իր օրհնութիւնները։
Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը երէկ հիւրընկալեց «Ֆրեսքօ» փառատօնի կազմակերպիչները, որոնք այցելութեան փութացած էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Եկեղեցական
- 12/02/2024
- 12/02/2024