ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Տ. ԱԲԳԱՐ ԵՊՍԿ. ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

«Եւ պատրաստ ենք վրէժխնդիր ըլլալու ամէն անհնազանդութեան համար». (Բ ԿՈՐՆԹ. Ժ 6)

Սուրբ Եկեղեցին Սուրբ Հոգիով նուիրագործուած Սիրով գործող (Գաղ. Ե 6) ու առ Միակ Փրկող Աստուծոյ (Սղմ. ԽԱ 6) յուսացած հաւատաւորներու ամբողջութիւնն է, որն եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Մարմինն է (Ա Կորնթ. ԺԲ 27), իսկ գլուխը Տէրն Ինքն է (Եփես. Ե 22, Կողոս. Ա 18):

Սուրբ Եկեղեցւոյ միութեան գրաւականն է Տիրաւանդ խօսքն ըսուած Ս. Առաքեալներու առթիւ. «Սակայն միայն անոնց համար չէ, որ կ՚աղաչեմ, այլեւ անոնց խօսքի միջոցաւ բոլոր ինծի հաւատացողներուն համար, որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան. ինչպէս դու, Հա՛յր, իմ մէջ, եւ ես՝ քու մէջդ, որպէսզի անոնք ալ մեր մէջն ըլլան, եւ որպէսզի աշխարհն ալ հաւատայ, թէ դո՛ւն ուղարկեցիր զիս»։ (Յովհ. ԺԷ 20):

Մեր օրերուն ի յայտ եկան ոմանք, որ «Մեր միջից ելան անոնք, բայց մեզմէ չէին, որովհետեւ, եթէ մեզմէ ըլլային, ապա մեր մէջ ալ կը մնային։ Բայց մեզմէ ելան, որպէսզի յայտնի ըլլար, թէ անոնք ամէնքը մեզմէ չեն»։ (Ա Յովհ. Բ 19):

Ասոնք իրենց ամբարիշտ ցանկութիւններով տարուած (Յուդա Ա 18)՝ պարծեցան, թէ սուտ կը հանեն Ճշմարտութիւնը (Յակ. Գ 14), սակայն «Այս իմաստութիւնը ի վերուստ չէ իջած, այլ՝ երկրաւոր է, մարմնաւոր եւ դիւային. որովհետեւ, ուր հակառակութիւն եւ նախանձ կայ, այնտեղ կայ անկարգութիւն եւ ամէն չար բան» (Յակ. Գ 15- 16):

«Ազատութիւնն իբրեւ չարիքի պատրուակ» բռնելով (Ա Պետ. Բ 17), մարդահաճոյ եղան առաւել (Գաղ. Ա 10), քան՝ Աստուծոյ ցանկալին փնտռողներ (Եփես. Ե 10):

Մեղանչեցին Ս. Հաւատոյ Հանգանակի «Հաւատամք եւ ի մի միայն ընդհանրական եւ առաքելական Սուրբ Եկեղեցի» ճշմարտութեան դէմ՝ իրենց հերձուածող բացապարզելով: Մեղանչեցին Սուրբ Պատարագի Արձակման բաժնին մէջ հնչող «Զլրումն Եկեղեցւոյ Քո պահեա» միաբանական աղօթքը արհամարհելով՝ Սուրբ Եկեղեցւոյ միասնականութիւնը վտանգելով:

«Հերետիկոս կը նկատուին անոնք, որոնք վաղուց մեր Եկեղեցիէն դուրս եկած են, նզովքի ենթարկուած են, եւ անոնք, որոնք արտաքուստ մեր հաւատը կը դաւանին, բայց զատ ժողովներ կը կազմեն մեր կանոնաւոր կարգած եպիսկոպոսներու դէմ»: (Կոստանդնուպոլսի Երկրորդ Տիեզերական ժողովի Զ կանոն):

«Արտաքսեալքն յեկեղեցւոյ՝ ամենայն՝ հեռձուածողք ասին, այլ զկէսս հեռձուածողս կոչեցին միայն եւ զայլս՝ բաժանողս եւ զայլ առանձին ժողովարարս: Վասն զի աղանդաւորք այնոքիկ ասին, որ ամենեւին ի բաց որոշեալք են յուղիղ հաւատոց: Իսկ բաժանողք այնոքիկ ասին, որ վասն պատճառաց ինչ իրաց եկեղեցւոյ կամ խնդիր առ միմեանս լինելոյ ժողովս առանձին կատարեն, առ ոչ կարելոյ հնազանդել նոցին քահանայից եւ եպիսկոպոսաց յաղագս անխըտ-րութեան ժողովրդեանն, որ բազում բծով լի են եւ անխտիր ի պաշտաւն մատչին եւ ոչ երբեք կամեցան ի յառուլ ի կանոն եկեղեցւոյ, այլ անձամբ յանձինս իւրեանց ձգեցին զպատիւ քահանայութեանն եւ զհետ նոցա գնացին բազումք ի ժողովրդենէն, այսոքիկ են որ առանձին ժողովս կատարեն»: (Ս. Բարսեղ Կեսարացի, Առ սուրբն Ամփիւղոքոս յԻկոնացւոց եպիսկոպոս, կանոն Ա)

Յանդգնեցան առ ոչինչ նկատել Սուրբ Եկեղեցւոյ Նուիրապետական Կարգը, որուն դէմ ոտնձգութիւններու կապակցութեամբ Ս. Կիպրիանոս Կարթագենացին կը գրէ. «Աստուածային նուիրապետութեան քայքայումին ուղղուած անօրէններու ինքնակամ բոլոր յանցափորձերն Աստուծոյ դէմ են» (Գիրք Ս. Եկեղեցւոյ միասնութեան մասին):

«Ամէն մարդ, որ իշխանութեան տակ է, թող հպատակի անոր. քանզի չկայ իշխանութիւն, որ Աստուծմէ չըլլայ. եւ եղած իշխանութիւնները Աստուծմէ կարգուած են: Հետեւաբար, ով կը հակառակի իշխանութեանը, Աստուծոյ հրամանին կը հակառակի. եւ անոնք, որ կը հակառակին, իրենց դատաստանը կ՚ընդունին»: (Հռոմ ԺԳ 1-2):

Հերձուածութեան վերաբերեալ իր կարգին Ս. Յովհան Ոսկեբերան կ՚ըսէ. «Կը վկայեմ, որ Ս. Եկեղեցւոյ ամբողջականութիւնը խախտելը պակաս չարիք չէ, քան՝ աղանդաւորութիւնը»: (Մեկնութիւն առ Եփեսացիս թուղթի, Գլ. ԺԱ 5):

Եւ, որովհետեւ պարծեցան իրենց ամբարտաւանութեամբ, իսկ այսպիսի ամէն պարծանք չար է։ Գիտնալով հանդերձ, թէ ինչ է չարիքը, ինքնակամ շեղուեցան: (Յակ. Դ 16-17): Քանի որ սոսկ մարմինի գործեր ի ցոյց դրուեցան (Գաղ. Ե 19 21) եւ Ս. Հոգւոյ պտուղներ բնաւ չտուին (Գաղ. Ե 22-23). «Նշաւակելի, մարմնասէր մարդիկ, որ չունին Հոգին» (Յուդա Ա 19): Արհամարեցին Աստուծոյ բարութեան առատութիւնը, Իր ներողամտութիւնն ու համբերութիւնը, որ իրենց համար ապաշխարութեան հրաւէր էր (Հռոմ. Բ 4):

«Վա՜յ անոնց, որոնք Կայէնի ճանապարհով ընթացան եւ ըստ Բաաղամի մոլորութեան՝ սայթաքեցան վարձի ետեւէն իյնալով եւ կորսուեցան Կորխի պէս իրենց ըմբոստութեան պատճառով»: (Յուդա Ա 11-13):

«Պայքարելու մեր զէնքը մարմնաւոր չէ, այլ՝ Աստուծոյ կողմէ տրուած զօրաւոր զէնք է՝ քանդելու համար ամրութիւնները. կը քանդենք գաղտնի մտածումները, Աստուծոյ գիտութեան դէմ գոռոզացած ամէն ծառացում եւ գերելով բոլոր միտքերը՝ կը հնազանդեցնենք Քրիստոսին եւ պատրաստ ենք վրէժխնդիր ըլլալու ամէն անհնազանդութեան համար»։ (Բ Կորնթ. Ժ 3- 6):

Այսու, «չարութեան եւ անզգամութեան խմորէն» (Ա Կորնթ. Ե 8) մեր խնամատարութեանը յանձնուած բանաւոր հօտը զերծ պահելու եւ գայթակղութեան առաջն առնելու ու չարիքը Հայ Առաքելական Ուղղափառ Սուրբ Եկեղեցւոյ նուիրական անդաստանէն մերժելու համար՝ ես՝ Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան, Առաջնորդ գանատահայոց Տիրախնամ Թեմիս, միաբանութեամբ Թեմիս Հոգեւոր դասու ու հաւատաւոր հայորդիներու, երկրորդելով ՝

Ա.- Ս. Պօղոս առաքեալին. «Եթէ մէկը չի սիրեր Տէր Յիսուսը, նզովեալ թող ըլլայ» (Ա Կորնթ. ԺԶ 22),

Բ.- Գանգրայի Ս. Ժողովի Զ կանոնը. «Ոյք արտաքս քան զեկեղեցին ժողով ժողովիցին եւ արհամարհիցեն զեկեղեցին եւ կամիցին զեկեղեցւոյ պէտս գործել, իբրեւ ոչ իցէ երէցն ըստ կամաց եպիսկոպոսին լեալ, նզովեալ լիցին»,

Գ.- Ամենայն Հայոց Հայրապետին եպիսկոպոսին համապատիւ համարողներուն Անանիա Մոկացի Կաթողիկոսի նզովքը (Տեառն Անանիայի Հայոց Կաթողիկոսի Պատճառ յաղագս զԽոսրով նզովելոյն զԱնձեւացւոց եպիսկոպոսն, Նորին Տեառն Անանիայի Հայոց Կաթողիկոսի Յաղագս որ ասեն, թէ մի պատիւ Հայրապետին եւ Եպիսկոպոսին եւ վասն մի լինելոյ կոչմանն)։

Ինծի փոխանցուած Վերնատուր Շնորհով. «Ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, ինչ որ կապէք երկրի վրայ, կապուած պիտի ըլլայ երկինքին մէջ։ Եւ ինչ որ արձակէք երկրին վրայ, թող արձակուած ըլլայ երկինքին մէջ» (Մատթ. ԺԸ 18, Բ Կորնթ. Ժ 3-6, Կանոնք Առաքելական, ԻԳ) կը նզովեմ եւ կը կապեմ Կորիւն չիք աբեղան եւ ասոր չար հերձուածի հետեւորդները՝ զրկելով Սուրբ Մայր Եկեղեցւոյ հաղորդութենէն մինչ կատարեալ զղջում ու ապաշխարութիւն: Մեր այս նզովքի տակ կ՚իյնան նաեւ անոնք, որոնք համակիր են անոնց:

Ով մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հետ չի հաւաքեր, կը ցրուէ, եւ ով մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հետ չէ, աստուածամարտ է: (Մատթ. ԺԲ 30 Ղուկ. ԺԱ 23):

Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհը, Աստուծոյ սէրը եւ Սուրբ Հոգիի հաղորդութիւնը մեր Սուրբ Մայր Եկեղեցւոյ զաւակներուն հետ թող ըլլան։ Ամէն։

 

Երկուշաբթի, Յուլիս 16, 2018