ՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) ամառնային ծրագրերով Հայաստան մեկնած երիտասարդները։ ՀԲԸՄ-ի «Երաժշտական Հայաստան» եւ «Երեւանի ամառնային փորձառութիւն» ծրագրերու շրջանակներէն ներս զանազան երկիրներէ Հայաստան մեկնած խումբ մը երիտասարդներ Նորին Սրբութեան ներկայացան՝ ուղեկցութեամբ ծրագրերու ղեկավարներուն։ «Երեւանի փորձառութիւն» ծրագրի ղեկավար Գայիանէ Մանուկեան հանդիպման սկիզբին ներկայացուց երիտասարդները եւ հայցեց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւնը։
Զրոյցի տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը կարեւոր նկատեց նմանատիպ այցելութիւններու կազմակերպումը դէպի Հայաստան։ Արդարեւ, երիտասարդներու ազգային ապրումներու նորոգման լաւագոյն առիթը կը հանդիսանան նման այցելութիւնները՝ զանազան երկիրներէ ներս հասակ առած հայորդիներու տեսակէտէ։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ մատաղ սերունդի ազգային եւ հոգեւոր արժէքներով կրթութեան ու դաստիարակութեան շնորհիւ սփիւռքի հայորդիներու մտքին մէջ կը ստեղծուի հայրենիքի պատկեր մը, որն ալ իր հերթին խթան կը հանդիսանայ Հայաստան այցելելու համար։
Նորին Սրբութիւնը միեւնոյն ժամանակ իր գնահատանքը յայտնեց ՀԲԸՄ-ին՝ նման ծրագրերու իրականացման կապակցութեամբ։ Արդարեւ, այդպիսի ծրագրերու շնորհիւ սփիւռքահայ երիտասարդները հնարաւորութիւն կը ստանան Հայաստանին ծանօթանալու, հաղորդ դառնալու Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան ու անոր սրբութիւններուն, ինչպէս նաեւ մասնագիտական փորձառութիւն ձեռք բերելու զանազան հաստատութիւններէ կամ կառոյցներէ ներս։
Անդրադառնալով հայապահպանութեան խնդիրներուն՝ Վեհափառ Հայրապետը երիտասարդներուն պատգամեց երբեք չդադրիլ պայքարելէ, հաւատալէ եւ արարելէ։ Ան իւրաքանչիւրին յորդորեց, որ իրենց բնակած երկիրները վերադառնալով աշխուժօրէն ներգրաւուին ազգային կեանքի մէջ եւ իրենց ձեռք բերած գիտելիքներով նպաստեն թէ՛ հայ համայնքներուն եւ թէ Հայաստանի յառաջընթացին։
Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց նաեւ երիտասարդներու հարցումներուն՝ սփիւռքի հայկական համայնքներու զանազան խնդիրներու, հոգեւոր կեանքի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ ձեռնարկուած ընկերային ծրագրերու վերաբերեալ։