ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԱՄՆ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, որ ուղեւորութեան ձեռնարկած է դէպի Մերձաւոր Արեւելք, Իսրայէլի շփումներու ծիրէն ներս երէկ Բեթհեղէմի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի հետ։ Սուրբ Աթոռի աղբիւրները հաղորդեցին, որ հանդիպումը տեղի ունեցած է Բեթհեղէմի Ս. Ծննդեան տաճարի հայկական եկեղեցւոյ մէջ։ Հայոց Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան հաղորդեց, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախագահ Պայտընին նուիրած է հայկական յախճապակիէ նուռ մը՝ իր ափսէով, որու վրայ կայ համապատասխան գրառում։

Նորին Ամենապատուութիւնը զրոյցի տեւողութեան Ճօ Պայտընին շնորհակալութիւն յայտնած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կապակցութեամբ։ Քննարկուած են նաեւ այլ նիւթեր։ Սուրբ Աթոռի աղբիւրները թողարկած են նաեւ տեսակցութենէն դրուագ մը, սակայն, զրոյցի բովանդակութեան շուրջ մանրամասնութիւններ չեն տեղեկացուած։

Շաբաթ, Յուլիս 16, 2022