ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու առաջնորդները վերջերս իրենց հերթական հանդիպումը ունեցան՝ ծաւալելով եռօրեայ քննարկումներ։ Այս անգամուան հիւրընկալն էր Արեւմտեան թեմը։ Այսպէս, Լոս Անճելըսի մէջ մէկտեղուեցան Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Գանատայի  թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան եւ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան, որոնք արժեւորում մը կատարեցին հայ իրականութեան առկայ մարտահրաւէրներէն բխած հրատապ օրակարգի բազում երեսակներուն շուրջ։ Թեմակալ առաջնորդները խորհրդակցութիւններուն առընթեր, քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տուին Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի հիւպատոսարանը։ Պըրպենքի առաջնորդարանի դիւանին կողմէ այս առթիւ հրապարակուած է ծաւալուն հաղորդագրութիւն մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմակալ առաջնորդներու հերթական հանդիպումը կայացաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալութեամբ՝ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ մասնակցութեամբ Գանատահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեանի եւ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի: Հերթական այս ժողովը տեղի ունեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի 1898 թուականին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկի Սրբատառ կոնդակով հաստատման 125-ամեակի ծիրէն ներս։ Սոյն հանդիպումը եկաւ վերահաստատելու երեք թեմերու եւ անոնց թեմակալ առաջնորդներու եղբայրական սերտ համագործակցութիւնը՝ յօգուտ մեր ժողովուրդի զաւակներու քրիստոնէական առողջ կրթութեան եւ հոգեւոր ու վարչական ծառայութեանց առաւել ծաղկման ու զօրացման:

Ժողովի առաջին օրը երեք թեմակալ առաջնորդները պաշտօնական այցելութիւն մը տուին Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւն, ուր ջերմօրէն դիմաւորուեցան գլխաւոր հիւպատոսին կողմէ:

Երկօրեայ ժողովներու նիստերը սկիզբ առին երեք առաջնորդներու աղօթքով, որմէ ետք անոնք հանգամանօրէն անդրադարձան եւ քննարկեցին օրակարգային զանազան նիւթեր: Թեմակալ առաջնորդներու նիստերուն մասնաւոր կարեւորութիւն ընծայուեցաւ հոգեւորականաց պատրաստութեան հարցին: Լուսարձակի տակ առնուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու հովանաւորութիւնը վայելող Ս. Ներսէս ընծայարանի եզակի առաքելութիւնը, թեկնածուներու հոգեմտաւոր պատրաստութեան ու զարգացման մէջ: Ի շարս այլ հարցերու, ժողովի նիստերու օրակարգին վրայ մասնաւոր տեղ ունեցան երիտասարդները, ամառնային ճամբարները, երիտասարդական համախմբումները, եկեղեցւոյ ծառայական առաքելութեան մասնակից՝ դպիրներն ու սարկաւագները եւ անգամ մը եւս շեշտուեցաւ կանանց ներուժի ներգրաւումն ու մասնակցութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ:

Նիստերուն քրիստոնէական դաստիարակութիւնը եւս մասնաւոր օրակարգի նիւթ դարձաւ: Այս ծիրրէն ներս խօսուեցաւ իրականացած զանազան ծրագիրներու մասին. ինչպէս՝ քրիստոնէական ուսուցում, Սուրբգրային սերտողութիւններ, հոգեւոր գիրքերու հրատարակութիւն, նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ ապագային կատարուելիք տարբեր նախաձեռնութիւններու մասին:

Ուրախալի երեւոյթ էր թեմերու կիրակնօրեայ դպրոցներու աշխոյժ գործունէութիւնը եւ մեծ թիւով մասնակիցներու ներկայութիւնը: Իսկ կիրակնօրեայ դպրոցի կողքին շեշտուեցաւ շաբաթօրեայ դպրոցի առաքելութիւնը: Մեծ թիւով պատանիներ արդէն իսկ անդամագրուած են սոյն կարեւոր կառոյցին։ Քրիստոնէական դաստիարակութեան ծիրէն ներս խօսուեցաւ նաեւ շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներու վերապատրաստութեան մասնաւոր ծրագիրներ նախաձեռնելու մասին:

Հետեւեալ նիւթերը եւս քննարկումի առարկայ դարձան. Ուխտագնացութիւն դէպի Հռոմ, Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի 850-ամեակին առթիւ, հոգեւորականաց հոգեմտաւոր վերանորոգութեան՝ առանձնացման եւ հոգեւոր մտամփոփման պահեր, սարկաւագաց մասնաւոր դասընթացքներ, համացանցը հրաշալի միջոց՝ հաղորդակցութեան, բարոյական ժամանակակից խնդիրներ, արխիւային նիւթեր, նաեւ երեք թեմերու ապագայ հանդիպումներու ու համագործակցութեան վերաբերեալ օրակարգային զանազան նիւթեր:

Գանատահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան եւ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանէ իրազեկ դարձան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի հաստատման 125-ամեակին նուիրուած զանազան նախաձեռնութիւններու մասին: Ժողովին անդրադարձ կատարուեցան նաեւ Գանատայի թեմի 40-ամեակի առթիւ հանդիսութիւններու մասին:

Երեք առաջնորդ հայրերը ուրախութեամբ անդրադարձան այս տարուան հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կատարուելիք Միւռոնօրհնութեան արարողութեան: Ողջ հայութեան համար հոգեւոր ուրախութեան ամիս պիտի ըլլայ, երբ հազարաւոր ուխտաւորներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ պիտի փութան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ մասնակցելու տեղի ունենալիք Միւռոնօրհնութեան հոգեպարար արարողութեան: Այս ծիրէն ներս ուխտագնացութեանց եւ տարուող այլ նախապատրաստական աշխատանքներու մասին անդրադարձ կատարուեցաւ:

Ի տես Հայաստանի ու մանաւանդ արցախահայութեան ներկայ իրավիճակին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմակալ առաջնորդներները յանձն առին մարդասիրական ծրագիրներով եւ հաւատաւոր հայորդիներու նիւթաբարոյական մասնակցութեամբ նեցուկ կանգնելու Հայաստանի ու Արցախի հայ ժողովուրդի զաւակներուն:

Ժողովական նիստերու աւարտին երեք հոգեւոր առաջնորդները աղօթք բարձրացուցին առ ամենաբարին Աստուած անսասան պահելու Հայ Եկեղեցին եւ Հայաստան աշխարհը, մաղթելով, որ նոր միւռոնը հաստատ պահէ Հայաստանն ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, արեւշատ օրեր պարգեւէ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ անշէջ պահէ մեզ յաջորդող սերունդները, բազմադարեան հարուստ ժառանգութեամբ շարունակելու մեր կեանքի ընթացքը:

Կիրակի առաւօտեան, Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ առաջնորդ սրբազան հօր հանդիսապետութեամբ սկսաւ ժամերգութիւնը: Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան: Հայր մերէն առաջ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան պատարագիչ հայր սուրբը ներկայացուց հաւատացեալներու բազմութեան: Օրուան պատգամը փոխանցեց Արեւելեան Թեմի առաջնորդ հայր սուրբը: Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցան Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան եւ խումբ մը հոգեւորականներ:

Ս. Պատարագի աւարտին առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան եւ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան իրենց ողջոյնի խօսքը ուղղեցին հաւատացեալներուն: Հիւրասիրութեան աւարտին, հաւատացեալները հոգեկան մխիթարութեամբ բաժնուեցան առաջնորդարանէն:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2023