ՆՈՐ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի հայ­րա­պե­տա­կան տնօ­րի­նու­թեամբ՝ Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի տե­սուչ նշա­նա­կուե­ցաւ Տ. Գա­րե­գին Ա­բե­ղայ Համ­բար­ձու­մեան, որ մինչ այդ փոխ-տե­սուչն էր Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կեդ­րո­նին։ 1986 թուա­կա­նին Կա­պա­նի մէջ ծնած է Տ. Գա­րե­գին Ա­բե­ղայ Համ­բար­ձու­մեան, որ դպրո­ցա­կան տա­րի­նե­րուն յա­ճա­խած է նաեւ Ա­րաբ­կի­րի Հա­յոր­դեաց տու­նը։ Մոս­կուա­յի եւ Ե­րե­ւա­նի մէջ նա­խակր­թու­թիւ­նը ստա­նա­լէ վերջ ան յա­ճա­խած է Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րան։ 2006 թուա­կա­նին սար­կա­ւագ ձեռ­նադ­րուած է ձե­ռամբ՝ Տ. Ա­րա­րատ Եպսկ. Գալ­թաք­ճեա­նի։ Եր­կու տա­րի վերջ ծա­ռա­յու­թեան ան­ցած է Մայր Ա­թո­ռի դի­ւա­նա­տան մօտ՝ ե­կե­ղե­ցի-պե­տու­թիւն բաժ­նէն ներս նախ որ­պէս գոր­ծա­վար-քար­տու­ղար եւ ա­պա որ­պէս նոյն բաժ­նի պա­տաս­խա­նա­տու։

2008 թուա­կա­նին Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նին մէջ գե­րա­զան­ցու­թեամբ պաշտ­պա­նած է ա­ւար­տա­ճա­ռը՝ «Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ կա­նո­նաի­րա­ւա­կան փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը» նիւ­թին շուրջ։ 2009 թուա­կա­նին կու­սակ­րօն քա­հա­նայ ձեռ­նադ-րըւած է ձե­ռամբ՝ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեա­նի։

2010-2014 թուա­կան­նե­րուն ու­սա­նած է Անգ­լիոյ Շեֆ­ֆիլ­տի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ՝ միա­ժա­մա­նակ ու­սա­նե­լով եւ պար­բե­րա­բար դա­սա­խօ­սե­լով Օքս­ֆոր­տի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։ Ու­սա­նո­ղու­թեան ա­ւար­տին ստա­ցած է Աս­տուա­ծա­բա­նու­թեան տոք­թո­րի աս­տի­ճան։ Ուս­ման տա­րի­նե­րուն որ­պէս այ­ցե­լու հո­գե­ւոր հո­վիւ իր ծա­ռա­յու­թիւ­նը մա­տու­ցած է Լոն­տո­նի Ս. Ե­ղի­շէ եւ Մեն­չըս­թը­րի Ս. Եր­րոր­դու­թիւն հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս, ինչ­պէս նաեւ հիմ­նած է Օքս­ֆոր­տի հա­մալ­սա­րա­նա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան ծու­խը։

2014 թուա­կա­նի Նո­յեմ­բե­րին, որ­պէս փոխ-տնօ­րէն, ծա­ռա­յու­թեան կո­չուած է Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կեդ­րո­նին մօտ։

Միւս կող­մէ, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին նա­խա­գա­հու­թեամբ, ե­րէկ, Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նէն ներս պաշ­տօ­նա­պէս բա­ցուե­ցաւ 2015-2016 ու­սում­նա­կան շրջա­նը։ Ճե­մա­րա­նի հան­դի­սու­թիւն­նե­րու դահ­լի­ճին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան Սուրբ Էջ­միած­նի միա­բան­ներ, Մայր Ա­թո­ռի հո­գե­ւոր-կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու տես­չա­կան ու դա­սա­խօ­սա­կան անձ­նա­կազ­մը, Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի սա­նե­րը եւ այլ հիւ­րեր։ Ցե­րե­կոյ­թը բա­ցուե­ցաւ Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քով, ա­պա կա­տա­րուե­ցաւ ու­սա­նող­նե­րու օրհ­նու­թեան կարգ։ Ա­ւե­լի վերջ ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Հո­գե­ւոր-կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու վե­րա­տե­սուչ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սա­րո­յեան, որ ը­սաւ.

«Մեր տրա­մադ­րու­թիւ­նը այ­սօր տօ­նա­կան է ոչ թէ զուտ այն պատ­ճա­ռով, որ նոր ու­սում­նա­կան տա­րուան բաց­ման կը մաս­նակ­ցինք, այլ իւ­րա­քան­չիւրս ներ­քուստ կ՚ապ­րինք խոր բա­ւա­րա­րու­թեան զգա­ցում մը, որ կը ծնի Ճե­մա­րա­նի յաղ­թա­կան ըն­թաց­քէն։ Բո­լորս քաջ կը գի­տակ­ցինք այն ա­ռա­քե­լու­թեան, զոր Գէոր­գեան կրթա­րա­նը բա­րե­յա­ջող կեր­պով կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցիէն ներս, ա­ւե­լի՛ն՝ ա­նոր ա­կա­նա­տեսն ու մաս­նա­կիցն ենք։ Ան Հա­յոց Ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րած­նուն­դի հիմ­նա­կան ե­րաշ­խիքն է, ա­նոր ան­խա­թար ու հա­ւա­տա­րիմ գոր­ծու­նէու­թե­նէն կա­խուած է մեր ազ­գի հո­գե­ւոր-բա­րո­յա­կան յա­ռա­ջա­դի­մու­թիւ­նը։ Մենք ոչ միայն կը գի­տակ­ցինք այս բա­նը, այ­լեւ հա­ւա­տով կը նուի­րուինք այս գա­ղա­փա­րի ի­րա­կա­նաց­ման հայ կեան­քէն ներս։ Իմ խո­րին հա­մոզ­մամբ, ճե­մա­րա­նա­կա­նի ինք­նու­թեան ա­մե­նաբ­նո­րոշ յատ­կա­նիշ­նե­րէն մին ան­պար­տու­թեան ո­գին է։ Այս մէ­կով ճե­մա­րա­նա­կան կրթու­թիւ­նը կը տար­բե­րի միւս բո­լո­րէն. ա­նոր տա­րեր­քը պայ­քարն է, ձգտու­մը, լոյ­սը»։­

Ա­ւե­լի վերջ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սա­րո­յեան հան­դի­սու­թեան մաս­նա­կից­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց նո­րան­շա­նակ տե­սուչ Տ. Գա­րե­գին Ա­բե­ղայ Համ­բար­ձու­մեա­նը՝ բա­րի ըն­թացք մաղ­թե­լով ա­նոր ստանձ­նած պա­տաս­խա­նա­տու ա­ռա­քե­լու­թեան։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ ընդ­նե­լու­թեան քննու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք­նե­րուն։ Այս տա­րի 77 հո­գի դի­մած է Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի հո­գե­ւոր-կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ ըն­դու­նուե­լու հա­մար։ Ա­նոնց­մէ 43-ը ըն­դու­նուած է։ Այս սա­նե­րը ար­դէն պի­տի յա­ճա­խեն Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րան, Սե­ւա­նի Վազ­գէ­նեան դպրա­նոց կամ Հա­րի­ճա­վան­քի Թրփան­ճեան ըն­ծա­յա­րա­նը։ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սա­րո­յեան ա­ւել­ցուց նաեւ, որ յա­ռա­ջի­կա­յին ըն­դու­նե­լու­թեան քննու­թիւն­ներ պի­տի կազ­մա­կեր-պուին քա­հա­նա­յից պատ­րաս­տու­թեան լսա­րա­նի դի­մող­նե­րուն հա­մար։

Յայ­տագ­րի գե­ղա­րուես­տա­կան բաժ­նէն վերջ օրհ­նու­թեան խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը, որ իր գնա­հա­տան­քը բե­րաւ Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի վե­րա­տե­սու­չին ու նո­րան­շա­նակ տե­սու­չին։ Ան մաղ­թեց, որ ա­նոնց ջան­քե­րով, նուի­րու­մով ու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ այս հո­գե­ւոր հաս­տա­տու­թիւ­նը ա­ռա­ւել պի­տի զօ­րա­նայ ու պի­տի պտղա­բե­րի։ Նոր ու­սում­նա­կան տա­րուան վե­րա­մու­տին առ­թիւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը բա­րե­մաղ­թանք­ներ եւ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Մայր Ա­թո­ռի միա­բա­նու­թեան, Ճե­մա­րա­նի պաշ­տօ­նէու­թեան, դա­սա­խօ­սա­կան կազ­մին եւ սա­նե­րուն։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ընդգ­ծեց, որ լա­ւա­տե­սու­թեամբ կը նա­յի այս հո­գե­ւոր հաս­տա­տու­թեան ու­սում­նա­կան ըն­թաց­քին։

«Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նը մեր Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ՝ Քրիս­տո­սի խորհր­դա­կան մարմ­նի առ­նա­ռատ մայր ե­րակն է։ Այս հաս­տա­տու­թեան ար­դիւ­նա­ւոր գոր­ծու­նէու­թիւ­նով է, որ մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քէն ներս կ՚ապ­րի եւ իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ մեր Ա­ռա­քե­լա­կան Մայր Ե­կե­ղե­ցին։ Մենք որ­քա­նով որ կա­րե­նանք ար­դիւ­նա­ւէտ կեր­պով ի­րա­կա­նաց­նել մեր պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը Գէոր­գեան հո­գե­ւոր կրթա­կան հաս­տա­տու­թե­նէն ներս. այն է՝ պատ­րաս­տել ար­ժա­նա­ւոր ե­կե­ղե­ցա­կան­ներ եւ նուի­րեալ հա­յոր­դի­ներ, մեր երկ­րի քա­ղա­քա­ցի­ներ, այն­քա­նով մեր ե­կե­ղե­ցին կը պայ­ծա­ռա­կեր­պուի իր փառ­քին մէջ, այն­քա­նով նաեւ մեր ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­ւոր-բա­րո­յա­կան կեան­քը կ՚ըլ­լայ իր բարձ­րու­թեան վրայ։ Ա­հա՛, թէ ին­չու բո­լորս՝ միա­բա­նու­թիւն, ման­կա­վարժ­ներ, ու­սա­նող­ներ, մեր ջան­քե­րը ա­ռա­ւե­լա­գոյնս պի­տի ներդ­նենք, որ­պէս­զի այս հաս­տա­տու­թիւ­նը ար­դա­րաց­նէ բո­լո­րիս յոյ­սերն ու սպա­սում­նե­րը», ը­սաւ հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը։

Անդ­րա­դառ­նա­լով մե­րօ­րեայ հո­գե­ւո­րա­կա­նի կեր­պա­րին՝ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ընդգ­ծեց, որ ժո­ղո­վուր­դը իր հո­գե­ւոր խնա­մա­տա­րու­թեան հա­մար կ՚ակն­կա­լէ բա­րո­յա­կան բարձր նկա­րագ­րով, գի­տե­լիք­նե­րու հա­րուստ պա­շա­րով եւ զօ­րեղ հա­ւատ­քով ե­կե­ղե­ցա­կան­ներ եւ այդ ի­մաս­տով ա­մե­նայն ջանք ի գործ պէտք է դրուի, որ­պէս­զի Ճե­մա­րա­նէն դուրս ե­կած սա­նը չնմա­նի Ա­ւե­տա­րա­նա­կան անպ­տուղ թզե­նիին, այլ ար­ժա­նի դառ­նայ մեր սուրբ հայ­րե­րու ժա­ռան­գու­թեան եւ հան­դի­սա­նայ ա­նոնց ա­ռա­քե­լու­թեան հպարտ շա­րու­նա­կո­ղը։ «Կա­րե­ւոր է, որ այս կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւ­նը գի­տե­լիք­նե­րով զի­նէ սա­նե­րը, բայց ա­ռա­ւել կա­րե­ւոր է, որ այս հաս­տա­տու­թեան մէջ կրթուի ու դաս­տիա­րա­կուի խոր հա­ւատ­քի տէր իր ա­ռա­քե­լու­թեան տե­սիլ­քը ու­նե­ցող, հո­գե­ւոր նկա­րագ­րով եւ ա­մուր կեր­տուաց­քով օժ­տուած հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դը եւ հո­գե­ւոր հո­վի­ւը։ Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նը հո­գե­ւո­րա­կան­ներ կրթող, պատ­րաս­տող հաս­տա­տու­թիւն մըն է, իսկ հո­գե­ւո­րա­կա­նի ա­ռա­ջին բա­րե­նի­շը ա­նոր հո­գե­ւոր նկա­րա­գիրն է, հո­գե­ւոր զօ­րեղ ապ­րու­մը եւ հա­ւատ­քը, ո­րոնց­մէ պէտք է ծնին թէ՛ ե­կե­ղե­ցա­շէն եւ թէ ազ­գա­շէն գոր­ծե­րը», ը­սաւ Վե­հե­փառ Հայ­րա­պե­տը եւ ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րուն յոր­դո­րեց նպաս­տել ի­րենց ծա­ռա­յու­թեամբ ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­ւոր-բա­րո­յա­կան կեան­քին, հայ­րե­նա­նուի­րու­մի զգա­ցու­մին եւ գի­տակ­ցու­թեան զօ­րաց­ման։

Հան­դի­սու­թիւ­նը եզ­րա­փա­կուե­ցաւ Նո­րին Սրբու­թեան ա­ղօթ­քով եւ Հայ­րա­պե­տա­կան մաղ­թան­քի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2015