ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ կատարուեցաւ խաղաղութեան աղօթք, որուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Սուրբ Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ կատարուեցաւ այս մասնաւոր աղօթքը, որու ընթացքին Ս. Էջմիածնի միաբանութիւնը, Մայր Աթոռի պաշտօնէութիւնը եւ հաւատացեալ ժողովուրդը առ Աստուած առաքեցին իրենց հայցը՝ վասն խաղաղութեան Հայաստանի եւ Արցախի, նաեւ զօրակցութեան հայրենեաց պաշտպաններու։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2022