ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍԻ «ՄԱՐԻ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Պուէնոս Այրէսի «Մարի Մանուկեան» վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները։ Արժանթինահայ երիտասարդներուն փոխանցելով իր օրհնութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետը ուրախութեամբ ընդգծեց, որ գեղեցիկ աւանդոյթ դարձած է այս դպրոցի աւարտական լսարանի սաներուն այցելութիւնը Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ան այս առթիւ բարձր գնահատեց ՀԲԸՄ-ի պատասխանատուները եւ վարժարանի տնօրէնութիւնը՝ նման նախաձեռնութեան համար։ Նորին Սրբութիւնը վստահութիւն յայտնեց, թէ Հայաստան այցելութիւնը կը սնէ ու կը զօրացնէ հայրենասիրութեան այն հունտերը, որոնք վարժարանի մանկավարժները սերմանած են սաներու սրտերուն մէջ։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց նաեւ աշակերտներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման ի նպաստ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ գործադրած ջանքերուն եւ տեղւոյն հայութեան համար ձեռնարկուած մարդասիրական ծրագիրներուն։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2023