ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Ամբողջ հայաշխարհը անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին եւ անոր հետեւանքով ստեղծուած օրհասական կացութեան։ Այս իրավիճակին մէջ, երէկ, Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը, որու օրակարգին վրայ էր Արցախի պատերազմը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած այս հաւաքին մասնակցեցան համասփիւռքեան տարողութեամբ գործունէութիւն ծաւալող եկեղեցական, ազգային, կուսակցական եւ միութենական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

«Բոլորս դէպի Արցախի միջազգային ճանաչում» կարգախօսով կազմակերպուած այս խորհրդակցութեան ընթացքին Արամ Ա. Կաթողիկոս զեկուցեց պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին, հայկական սահմաններու պաշտպանութեան նպատակով մղուող մարտերուն եւ զուգահեռաբար յառաջ տարուող քաղաքական-դիւանագիտական աշխատանքներուն մասին։

Նորին Սրբութեան զեկուցումին յաջորդած քննարկման ընթացքին շեշտուեցան շարք մը կէտեր, որոնց ծիրէն ներս ընդգծուեցաւ, որ առկայ իրականութեան դիմաց անյետաձգելի հրամայական կը դառնայ Արցախի միջազգային ճանաչումը։ Իրաւաքաղաքական բոլոր պատճառները ամբողջացած են, որպէսզի Արցախ միջազգայնօրէն ճանաչում գտնէ՝ իբրեւ անկախ հանրապետութիւն։ Խորհրդակցութեան մասնակիցները նշեցին, որ համահայկական օրակարգի առաջին կէտը անհրաժեշտ է բանաձեւել՝ Արցախի միջազգային ճանաչումը եւ այս նպատակին ուղղութեամբ սփիւռքեան բոլոր կառոյցները անխտիր պէտք է աշխատին իրականացնելու համար այս կարեւորագոյն առաջադրանքը՝ պետական-դիւանագիտական անձնակազմերուն հետ։ Սա համահայկական օրակարգի մէջ կը համարուի նոր փուլ մը։

ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Սփիւռքի մէջ կը շարունակուի նաեւ ի զօրակցութիւն Արցախի համազգային հանգանակութիւնը, որ յառաջ կը տարուի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցաւ։ Երէկ, Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աղբիւրները հաղորդեցին, որ այս նուիրահաւաքման արշաւին համար 100 հազար տոլար տրամադրուած է՝ որպէս մարդասիրական օգնութիւն։ Այս օժանդակութիւնը կը միտի պատերազմի հետեւանքով տուժած քաղաքացիներուն նեցուկ կանգնելու եւ անոնց համար ապահովելու բժշկական ու մարդասիրական օգնութիւն։  

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2020