ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌԱՑ ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
Թուրքիոյ Ասորի ուղղափառ համայնքը երէկ ապրեցաւ յատկանշական օր մը։ Եշիլգիւղի նորակառոյց Մոր Էֆրեմ (Ս. Եփրեմ) Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուեցաւ անդրանիկ Ս. Պատարագը։ Անցեալ շաբաթավերջին Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի մասնակցութեամբ կատարուած պաշտօնական բացման արարողութենէն վերջ, այս շաբաթավերջին ալ կատարուեցաւ նորակառոյց եկեղեցւոյ օծումն ու պաշտամունքի բացումը։ Անդրանիկ Ս. Պատարագը մատոյց Ասորի ուղղափառաց պատրիարքական փոխանորդ մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթին։
Արարողութիւններուն ամենաբարձր մակարդակի վրայ մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը։ Այսպէս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան ներկայ գտնուեցան այս պատմական արարողութիւններուն։ Ասորի Ուղղափառ նորակառոյց եկեղեցւոյ մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եղբայրաբար ողջագուրուեցաւ մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթինին հետ, որ օրուան պատարագիչն էր։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս առթիւ յղեց շնորհաւորութիւններ եւ եղբայրական բարեմաղթանքներ, նաեւ պատարագիչ պատրիարքական փոխանորդին զոյգ մը բուրվառ նուիրեց՝ նորակառոյց եկեղեցւոյ համար։
Հարկ է նշել, որ սա Թուրքիոյ Հանրապետութեան շրջանին երկրէն ներս կառուցուած առաջին քրիստոնէական սրբավայրն է։
Եկեղեցական
- 01/16/2025
- 01/16/2025