ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները երէկ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով վերջին նստաշրջանին շուրջ։ Անցեալ շաբթուան գրեթէ ողջ տեւողութեան, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ ընթացած էին ժողովները։ Մասնակցութեան հրաւիրուած էր նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը նստաշրջանի աւարտին հաղորդեց, որ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան եւ ամրակայման աշխատանքները անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձած են։ Այս մասին զեկուցումով մը հանդէս եկած է լուսարարապետ ու վանական խորհուրդի ատենապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։ Ժողովականները վերահասու դարձած են տաճարի նորոգութեան ժամանակ ի յայտ եկած խնդիրներուն։ Տեղեկացուեցաւ, որ նկատի ունենալով վերանորոգութեան ու բարեկարգման աշխատանքներու ընդհանուր ծաւալն ու յառաջացած նոր խնդիրները՝ Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան աշխատանքները հնարաւոր պիտի ըլլայ աւարտին հասցնել յաջորդ տարի։

ԳՀԽ մասնաւորապէս անդրադարձաւ Արցախի պատերազմի հետեւանքներուն եւ անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքներուն։ Արցախի Թեմակալ առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան ներկայացուց թեմի առկայ վիճակն ու մարտահրաւէրները։ Օրակարգի վրայ յետպատերազմեան եւ համաճարակային պայմաններուն ներքեւ եկեղեցւոյ առաքելութեան իրագործման ուղղեալ ծրագրերը առաջնահերթ տեղ զբաղեցուցին։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արարողակարգի եւ արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի պետ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան ներկայացուց անցեալ ամիս Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած՝ Վեհափառ Հայրապետի, Ռուսաց Քիրիլ Ա. Պատրիարքի եւ Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի եռակողմանի հանդիպման շուրջ մանրամասնութիւններ։ Ան դիտել տուաւ, որ հոգեւոր առաջնորդներու եռակողմանի հանդիպումները կարեւոր ձեւաչափ են՝ Արցախի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման եւ յետպատերազմեան շրջանի մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղութեամբ։ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան կարեւորեց եռակողմանի հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին կողմէ բարձրացուած խնդիրները։ Այս ամբողջին մէջ ան մատնանշեց Նորին Սրբութեան կողմէ ներդրուած ջանքերը՝ ուղղուած գերիներու վերադարձին, Արցախի անվտանգութեան, մշակութային կառոյցներու եւ սրբավայրերու պահպանութեան։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2021