ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեանը եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանը։

Հանդիպման ժամանակ քննարկուեցան Լիբանանի հայութեան այժմ դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Շօշափուեցան նաեւ Հայկազեան համալսարանին, նաեւ Ազունիէի Ազգային բուժարանին վերաբերեալ հարցեր։

Զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համագործակցութեան վերաբերեալ նիւթեր։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2022