ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԳԱՂԹԻ ՖՈՐՈՒՄԸ

Ժընեւի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Համաշխարհային գաղթի ֆորումը, որուն մասնակցեցան նաեւ զանազան կրօններէ հոգեւոր առաջնորդներ։ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքն ալ մասնակցեցաւ Ժընեւի այս երկօրեայ քննարկումներուն։ Ժընեւի մէջ էր նաեւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական կոմիտէի փոխ-ատենապետ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան, որ հանդէս եկաւ ծաւալուն զեկուցումով մը։ Նորին Սրբազնութիւնը, որ միեւնոյն ժամանակ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ուաշինկթընի թեմակալ պատուիրակն է, իր ելոյթին մէջ արծարծեց՝ համաշխարհային հրատապ օրակարգ դարձած գաղթի խնդրի զանազան երեսակները։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2023