ՊՏՈՒՂՆԵՐՈՒ ՍՊԱՍՈՒՄՈՎ…

Այսօր սկիզբ կ՚առնէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի այցելութիւնը դէպի Երուսաղէմ։ Սա առաջինն է իր տեսակին մէջ, որովհետեւ Նորին Ամենապատուութիւնը պատրիարք ընտրուելէ վերջ առաջին անգամ կը մեկնի Երուսաղէմ։ Այցելութիւնը կրնայ նոր հորիզոններ բանալ երկու աթոռներուն միջեւ, որոնք ունին պատմական յարաբերութիւններ։

Ամենայն հաւանականութեամբ Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքներու քննարկումներու ընթացքին ուղենշային ըլլայ՝ երկու աթոռներու յարաբերութիւններուն նոր թափ մը տալու կարեւորութիւնը։ Յամենայնդէպս, անոնք վստահաբար անդրադառնան նաեւ կոչումներու խնդրին։ Գաղտնիք չէ, անշուշտ, որ մասնաւորապէս վերջին տարիներուն հոգեւորական մարդուժի տեսակէտէ Երուսաղէմի Աթոռը, բայց մանաւանդ Պոլսոյ Աթոռը կը տագնապին խնդիրներէ ու այդ տագնապը սկսած է երեւելի դառնալ զանազան հարթութիւններու վրայ։

Մարդկային յարաբերութիւններու տեսակետէ Սահակ Պատրիարք ունի կարողութիւններ եւ յատկապէս այս կտրուածքով ալ գուցէ կրնայ կարեւոր դեր մը խաղալ՝ Նուրհան Պատրիարքին ձեւով մը նոր հնարաւորութիւններ ընձեռելով եւ զայն երկխօսութեան առաջնորդելով այն կողմերուն հետ, որոնք խորքային տարակարծութիւններ ունին Երուսաղէմի Ս. Աթոռի գահակալին հետ։

Թէեւ բուն շարժառիթը Հայ Երուսաղէմի Ս. Ծնունդն է, սակայն, ամէն պարագայի, տօնէն անդին՝ շեշտակիօրէն ու մասնաւորապէս այս ժամանակներուն աւելի քան կենսական ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ Սահակ Պատրիարքը։ Դէպի Երուսաղէմ իր այցելութեան  պտուղները ու կրնան քաղուիլ ապագային եւ տայ Աստուած, որ այդպէս ըլլայ։

Ի վերջոյ, պէտք չէ մոռնալ, որ երկու պատրիարքներուն գործած դաշտերը՝ Իսրայէլն ու Թուրքիան խիստ կարեւոր գործօններ են հայոց համար ու այս այցելութեան հաւանական դրական արդիւնքները կրնան վերածուիլ նաեւ քաղաքական՝ թէկուզ անուղղակի նպաստաւոր գործօններու։

*

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ այս առաւօտ օդային ճամբով մեկնեցաւ Սուրբ Քաղաք, Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարին մէջ կը դիմաւորուի Հրաշափառի արարողութեամբ։ Ան կը հիւրընկալուի հայոց վանքէն ներս եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի երդիքին տակ կը հիւրընկալուի Ս. Աթոռի գահակալին՝ Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի կողմէ։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին աւանդաբար Սուրբ Երկրի մէջ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը կը նշէ ըստ Հին տոմարի։ Ուստի, Բեթհեղէմի Ս. Ծննդեան այրին մէջ վաղը երեկոյեան Նորին Ամենապատուութիւնը պիտի մատուցէ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը։ Շուրջ շաբաթ մը անց ալ, Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ութօրէքի Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ Տիրոջ Լոյս գերեզմանին վրայ։

Ուղեւորութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերանան Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ այլք։

Կը նախատեսուի, որ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը յունուարի 27-ին վերադառնայ իր Աթոռը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 17, 2023