ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԱՌՑԱՆՑ ՆԻՍՏ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովը վերջերս առցանց նիստ մը գումարեց՝ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ։ Հեռավար ժողովներուն ատենապետեցին Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան եւ Տ. Նարեկ Արք. Ալեմէզեան։ Կրօնական ժողովի անդամներուն առընթեր, հեռավար նիստին մասնակցեցան նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան զանազան թեմերու առաջնորդները եւ Կաթողիկոսարանի զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներ։

Բացումին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Նորին Սրբութիւնը, որ ժողովականները ողջունեց եւ գոհունակութիւն յայտնեց Կիլիկեան Աթոռի բոլոր թեմերուն կողմէ ծաւալուած աշխոյժ գործունէութեան համար, հակառակ առկայ դժուար պայմաններուն՝ ծիսական, ընկերային ու վարչական գետնի վրայ։ Ըստ իրեն, ծիսական արարողութիւններու եւ ընկերային աշխատանքներու ճամբով անհրաժեշտ է առաւելագոյնս հասնիլ ժողովուրդին՝ առաւել ամրապնդելու համար անոր հաւատքը եւ մարդասիրական ծառայութեան միջոցաւ եկեղեցին աւելի կենդանի ներկայութիւն մը դարձնելու համար անոր կեանքէն ներս։

Արամ Ա. Կաթողիկոսի բացման խօսքէն վերջ յաջորդաբար արտայայտուեցան Կիլիկեան Աթոռի զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուները, որոնք զեկուցումներ ներկայացուցին ծաւալուած աշխատանքներուն շուրջ։ Իւրաքանչիւր զեկուցումէ վերջ տեղի ունեցաւ քննարկում։ Առաջնորդներն ալ անդրադարձան իրենց թեմերուն վերաբերեալ կրօնական բնոյթով զանազան հարցերու։

Հուսկ, Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց կատարուած աշխատանքները։ Ան յիշեցուց, որ ներկայիս դժուար պայմաններ ստեղծուած են, ուստի յատուկ կարեւորութիւն պէտք է ցուցաբերել առցանց եւ այլ արդի միջոցներով ժողովուրդին հասնելու հրամայականին նկատմամբ։ Նորին Սրբութիւնը մասնաւորապէս ողջունեց թեմերուն կողմէ կատարուած մարդասիրական աշխատանքները։ Ան առանձնապէս անդրադարձաւ ընկերային ծառայութեան ծիրէն ներս Կաթողիկոսարանի ծաւալած գործունէութեան թէ՛ Լիբանանի թեմին եւ թէ Կաթողիկոսարանի զանազան բաժանմունքներուն միջոցաւ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 17, 2021