ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԲՈՒԺՈՒՄ

Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը զարկ տուած է վիրաւոր զինուորականներու բուժման ուղղեալ նախաձեռնութիւններուն։ Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հիւրընկալեց խումբ մը զինուորականներ, որոնք պատերազմի ժամանակ զանազան աստիճաններով վիրաւորուած էին։ Թիւով հինգ այդ զինուորականները յառաջիկայ օրերուն Աւստրիա պիտի մեկնին՝ անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւն ստանալու համար։ Փրոթեզով դարմանումէ պիտի անցնին անոնք։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Կեդրոնական Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակութեան նախաձեռնութեամբ եւ աջակցութեամբ կեանքի կը կոչուի այս աշխատանքը։ Մշակուած ծրագրի առաջին փուլին բուժում պիտի ստանան այն հինգ զինուորականները, որոնք երէկ ներկայացան Վեհափառ Հայրապետին։

Վեհարանի երէկուան հանդիպումը սկսաւ Նորին Սրբութեան աղօթքով։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի գործադիր տնօրէն փրոֆ. Արմէն Չարչեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց բուժման մեկնելիք զինուորականները։ Ան տեղեկացուց, որ Հայաստանի զանազան հիւանդանոցներու մէջ առաւելագոյնը կատարուած է անոնց կեանքերը փրկելու համար։ Փրոֆ. Չարչեան ընդգծեց, որ վիրաւորեալ զինուորները կարիքն ունին յաւելեալ բուժման, որպէսզի անոնց ապաքինումը ըլլայ աւելի արդիւնաւէտ եւ ամբողջական։ Չարչեան երախտագիտութիւն յայտնեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ Կեդրոնական Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակութեան՝ հայ համայնքի ջանքերով եւ միջեկեղեցական կառոյցներու օժանդակութեամբ զինուորականներու ապագայ դարմանումը Վիեննայի լաւագոյն հիւանդանոցներուն մէջ կազմակերպելու հնարաւորութեան համար։

Վեհ. Հայրապետը հանդիպման ընթացքին քաջարի զինուորներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը։ Ան բարձր գնահատեց անոնց՝ հայրենիքին մատուցած անձնուէր ծառայութիւնը եւ պատերազմի օրերուն դրսեւորած հերոսական ոգին եւ դիմակայութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ հայ ժողովուրդի իւրաքանչիւր զաւակ երախտապարտ է եւ ըստ ամենայնի կ՚արժեւորէ անոնց՝ ի սէր հայրենիքի անձնազոհ քաջագործութիւնները։ Վեհ. Հայրապետը հաստատեց նաեւ, որ Հայ Եկեղեցին անցեալ տարիներուն աջակցութիւն ցուցաբերած է նախապէս վիրաւորուած զինուորականներուն՝ ջանալով նպաստել անոնց բնականոն կեանքի վերականգնման։

Երէկուան հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը տեղեկացուց, որ աշխարհասփիւռ իր թեմերու եւ համայնքներու միջոցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ՝ շարունակելու համար ըստ անհրաժեշտութեան կազմակերպել վիրաւորեալ զինուորականներու բուժումը արտերկրի բժշկական հաստատութիւններէն ներս։ Ան ցանկութիւն յայտնեց, որ յաւելեալ բուժումը նպաստէ վիրաւորեալ զինուորներուն՝ յաղթահարելու առկայ խնդիրները եւ ապաքինելով վերադառնալու ազգին ու հայրենիքին իրենց ծառայութեան։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց զինուորականները՝ մաղթելով բարի ապաքինում եւ շուտափոյթ վերադարձ հայրենիք։

Շաբաթ, Ապրիլ 17, 2021