«ՄԵՆՔ Կ՚ՈՒԶԵՆՔ ԹԱՂՈՒԻԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍՐՏԻՆ ՄԷՋ»

Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ գահակալ հոգելոյս Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի շիրմի պաշտօնական բացման արարողութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ։ Արարողութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ մեր հոգեւորականաց դասու անդամները։ Ներկայ էին նաեւ տիրամայր Մարի Մութաֆեան եւ իր հարազատները։ Համայնքային հաստատութիւններու կողմէ ներկայացուցիչներ ալ փութացած էին հետեւելու արարողութեան։ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ գնահատագրեր պատրաստուած էին մեր ազգայիններէն Վազգէն Պարընի եւ Եթքին Պէրպէրօղլուի համար, որոնց ջանքերով, ստեղծագործութեամբ ու բարերարութեամբ պատրաստուած է շիրիմը։

Շիրմի բացման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արտայայտուեցաւ ի յիշատակ իր հոգելոյս նախորդին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Նորին Ամենապատուութեան խօսքին սղագրութիւնը։

*

«Հող էիր, հողէն առնուեցար եւ հող պիտի վերադառնաս»։

Մարդուն ճակատագիրը Աստուծոյ խօսքով ճշդուած է արդէն եւ մարդուն ծնած օրը կը սկսի իր մահուան ոդիսականը մեր ծիներուն մէջ։ Մենք արդէն ունինք մեր մահուան պատուէրը, ամէն օր կը քալենք դէպի մահ։ Երբ աշակերտ էի եւ Մեսրոպ Պատրիարքը իմ վարդապետս էր, Պալըքլըի գերեզմանին մէջ իրեն հետ զրոյց մը կը յիշեմ։ Իրեն հարցուցած էի. «Հայր սուրբ, այսքան վկաներ կան, այսքան գերեզմաններ կան, ինչո՞ւ ապրողներ չեն հաւատար, որ իրենք օր մը պիտի մեռնին»։ Հարկաւ, թէ այդ չհաւատացողներուն մէջ մենք ալ կայինք՝ հայր սուրբը եւ իր աշակերտը եւ բոլոր այդ գերեզմանները շրջող մեզի պէս մարդիկ։ Մեսրոպ վարդապետը ըսաւ. «Չենք հաւատար մահուան, որովհետեւ անմահ հոգիներ ունինք մենք։ Այդ անմահ հոգիներն են, որ մեզի միշտ կը յիշեցնեն, թէ մարդը յաւիտենական կեանք ունի։ Հետեւաբար, որքան ալ տեսնենք, որ ուրիշներ կը մեռնին՝ մեր հոգին մեր մէջէն կը վկայէ, որ մենք անմահ ենք, մահը պիտի չդպի մեզի։ Այս է մեր քրիստոնէական հաւատքը իրապէս՝ մահը չդպի մարդու հոգիին։ Մարմինը պիտի առնէ, մարմնէն պիտի մերկէ եւ պիտի դնէ զինք յաւիտենական ճամբորդութեան։ Երբ մէկը մեռնի, իր մարմինը առնուած է հողէն, հող կը դառնայ։ Եւ հողը անխիղճ է, փոշիի կը վերածէ մեր բոլոր սիրածները եւ մարդուն մէջ՝ յատկապէս ննջեցեալի սիրողներու սիրտերուն մէջը այդ ապստամբութիւնը դարմանելու համար մենք կը կերտենք շիրիմներ, որպէսզի, թերեւս հողը փոշիի պիտի վերադարձնէ մեր սիրելիները, գոնէ մարդկային յիշողութեան մէջ քիչ մը եւս երկար ապրին եւ այդպէս, որ մենք մեր սիրելի Պատրիարք Հօր յիշատակը երկարատեւելու համար կերտեցինք այս շիրիմը։ Այս գեղակերտ կոթողով այցելուներ պիտի տեսնեն, վերստին պիտի յիշեն եւ միւս պատրիարքներու շարքին պիտի տեսնեն Կ. Պոլսոյ 84-րդ Պատրիարքը՝ Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Ս. Արք. Մութաֆեանը եւ պիտի խոնարհին իր առջեւ՝ նոյնիսկ զինք չճանչցողները։

Երբ մարդիկ մեռնին, երկու տեղ կը թաղուին. մէկը գերեզմանին մէջ, միւսը զինք սիրողներու սրտին եւ յիշողութեան մէջ։ Մենք՝ քրիստոնեաներս ունինք նաեւ երրորդը։ Մենք կ՚ուզենք թաղուիլ Աստուծոյ սրտին մէջ։ Մենք կ՚ուզենք, որ մեր անունները ո՛չ թէ մարմարեայ քարերու վրայ գրուին, մենք կ՚ուզենք մեր անունները Աստուծոյ կենաց գիրքին մէջ գրուին, որպէսզի հոն, մենք մեր սիրած եւ ծառայած Աստուծոյ քովը յաւիտենական կեանք ունենանք։ Ասոր հաւատաց Մեսրոպ Պատրիարքը։ Տակաւին երիտասարդ՝ այս հաւատքին ընծայեց ամբողջ իր կեանքը եւ աշխատեցաւ, քարոզեց, որպէսզի մարդիկ հաւատան հոգիի անմահութեան, որպէսզի մարդիկ իմանան, որ մարդը մարմին հագած հոգի է։ Եւ ինքը սիրեց մեզ, մեր զաւակները սիրեց եւ ինչ որ ունէր, մինչեւ վերջ մատուցեց իր ժողովուրդին եւ իր զաւակներուն։

Այսօր կը խոնարհինք իր առջեւ, շնորհակալութիւն կը յայտնենք իր մեծ նուէրին համար, որ իր կեանքն էր. մեզի սորվեցուց յաւիտենական արժէքներ։ Զինք ճանչցողներու սիրտերուն մէջ միշտ կտոր մը պիտի մնայ իրմէ եւ իրենց կեանքը պիտի գեղեցկացնէ։ Քիչ առաջ լսեցինք Մեսրոպ Պատրիարքի ձայնը եւ խօսքերը եւ պատգամները։ Մեսրոպ Պատրիարքի պէս անձնաւորութիւններ երբեք բոլորովին չեն թաղուիր հողին, միշտ հողէն դուրս ամենէն խոշոր մասը կը մնայ՝ իրենց յիշատակը, իրենց գործը եւ իրենց պատգամները։ Մենք՝ իր աշակերտները, հետեւորդները հարկաւ թէ թոյլ պիտի չտանք, որ յիշատակը բոլորովին թառամի։ Տակաւին թերթերու, երիզներու մէջ արձանագրուած իր քարոզները եւ խօսքերը կան։ Այդ բոլորը հարկաւ թէ լոյսին պիտի հանենք, որպէսզի նոր սերունդներուն հասնի մեր սիրելի Պատրիարք Հօր թարմ պատգամը։ Ուրեմն, այս դամբանը հիմա պիտի բանանք եւ պիտի տեսնենք անոր գեղեցկութիւնը։ Այս առիթով, այս դամբարանի, այս շիրիմի շինութեան համար կ՚ուզենք երկու բարերարի յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել։ Շիրիմի բոլոր ծախսերը ստանձնեց պարոն Եթքին Պէրպէրօղլու եւ պարոն Վազգէն Պարըն ճարտարապետութիւնը ստանձնեց եւ պատրաստեց այս շիրիմը այս վիճակին մէջ։ Շատ շնորհակալ ենք, սրտանց շնորհակալ ենք իրենց։ Այս առիթով մենք, նաեւ Մեսրոպ Պատրիարք Հօր սիրելի տիրամօր Մարի Մութաֆեանին, իր քոյրերուն եւ ազգականներուն մեր ցաւակցութիւնը եւ մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք, որովհետեւ այս փառաւոր մարդը ձեր ընտանիքի մէջէն ելաւ, դուք նուիրեցիք, ձեզմէ առած լոյսը մեզի փոխանցեց։ Այնպէս որ, Տէրը երկնային պարգեւներով մխիթարէ նաեւ ձեզ։ Պարապի չանցած կեանք մըն էր իրենը եւ իր արդիւնքները դարերու ընթացքին պիտի շարունակուին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2020