ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Մայր Հայաստան» ժողովրդական շարժման նախաձեռնած խումբի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Անդրանիկ Թեւանեանի, որ այս շարժումը կը համակարգէ։

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգային խնդիրներուն, հասարակութեան բարոյահոգեբանական վիճակին, եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն, Արցախի ժողովուրդին ի նպաստ օգնութեան եւ Արցախի թեմի գործունէութեան։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ Հայոց Եկեղեցին պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել՝ համազգային ներուժի համախմբմամբ հայրենիքը փորձութիւններէն դուրս բերելու եւ հայ ժողովուրդի զաւակներու հոգիներէն ներս ամրապնդելու համար ապագայի նկատմամբ յոյսն ու լաւատեսութիւնը։

Շաբաթ, Յունիս 17, 2023