ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց Ս. Աստուածածնի Վերափոխման բերկրառատ տօնը։ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնին ձօնուած այս տաղաւարը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի հաւատացեալ ժողովուրդը ապրի հոգեւոր հրճուանք։ Խաղողօրհնէքի աւանդութիւնն ալ կրկնապատկեց տօնական տրամադրութիւնը բոլորին մօտ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը նշուեցաւ աւանդական շուքով։ Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ տաղաւարի հանդիսաւոր Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապաեան։ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան անդամներուն առընթեր հոծ թիւով ուխտաւոր հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան տօնակատարութիւններուն։ Մայրավանքի ամբողջ տարածքէն ներս զգալի էր հոգեւոր հրճուանքը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի Ս. Տրդատի բաց խորանին առջեւ կատարուեցաւ նաեւ Խաղողօրհնէքի հանդիսաւոր կարգը, որու ընթացքին շարականներու երգեցողութենէն յետոյ ընթերցուեցաւ օրուան խորհուրդը ամփոփող աւետարանական հատուածը, ապա եւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Խաղողի օրհնութեան» աղօթքը։ Արարողութենէն վերջ օրհնուած ողկոյզները բաժնուեցան հաւատացեալներուն։
Թրքահայ համայնքէն ներս ալ Ս. Աստուածածնի տօնը նշուեցաւ մեծ շուքով։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Մեր հայահոծ թաղերու եկեղեցիները համախմբեցին հաւատացեալները։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ամրան շրջանին զուգադիպած այս տաղաւարին առթիւ կղզեբնակ հաւատացեալներուն ժամադրավայրը հանդիսացաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր ստեղծուեցաւ արտասովոր մթնոլորտ։
Պոլսոյ տօնակատարութիւններուն առընթեր մեր հաւատացեալ ժողովուրդին ուշադրութիւն կեդրոնացած էր նաեւ Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վրայ։ Գաւառի մեր հինգ գործող եկեղեցիներէն մին է այս մէկը, որու տարեկան անուան տօնախմբութիւնը կը կատարուի Ս. Աստուածածնի տօնակատարութեան ժամանակ։ Հանրային կարծիքն ալ աննկատ չի թողուր Վաքըֆլըգիւղի տօնակատարութիւնները՝ հաշուի առնելով, որ այդ մէկը մնացած է որպէս Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղը։ Շաբաթավերջին Վաքըֆլըգիւղի մէջ տաղաւարի առթիւ ապրուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց գիւղի տօնակատարութիւններուն եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։
Կրօնական արարողութիւններուն զուգահեռ տեղի ունեցաւ նաեւ ժողովրդական աւանդական տօնախմբութիւնը։ Այս շրջագծով, խաղողի ողկոյզներու օրհնութեան կարգին առընթեր Նորին Սրբազնութիւնը հանդիսապետեց նաեւ աւանդական հարիսայի կաթսաներու օրհնութեան։
Եկեղեցւոյ շրջակայքին համա-խըմբուած խրախճանքի մասնակիցները հետեւեցան նաեւ ժողովրդական երաժշտութեան նուագներուն։ Բոլորին համար ուրախառիթ էր վկայել Վաքըֆլըգիւ-ղէն ներս ձեռնարկուած շարք մը կարեւոր շինարա-րութիւններու արդիւնքին, որոնք հեռանկարներ կը խոստանան անոր առօրեային առջեւ նոր հորիզոններ բանալու եւ բնակիչներուն կարելիութիւնները ընդ-լայնելու առումով։
Թէ՛ տեղացիները եւ թէ հիւրերը լիուլի ըմբոշխնեցին տօնական ուրախութիւնը եւ իրենց ուխտի աղօթքներուն մէջ միշտ մաղթեցին, որ մեր երկրէն ներս տիրէ խաղաղութիւն, հաշտութիւն եւ համերաշխութիւն, որպէսզի բոլորը կարենան կենսունակ պահել իրենց բոլոր աւանդութիւնները։
Եկեղեցական
- 11/27/2024