Ա­ՄԵ­ՆԱՅՆ ՀԱ­ՅՈՑ ՀԱՅ­ՐԱ­ՊԵ­ՏԸ ՄԱՅՐ Ա­ԹՈ­ՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒ­ՐԸՆ­ԿԱ­ԼԵՑ ԱՐ­ՑԱ­ԽԻ ՆԱ­ԽԱ­ԳԱ­ՀԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, որուն կ՚ընկերանային Արցախի խորհրդարանական պատուիրակութեան անդամները, որոնք վերջին օրերուն շփումներ ունեցան Երեւանի մէջ։

Քննարկուեցան ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, Ատրպէյճանի վերջին օրերու ոտնձգութիւնները եւ առկայ գոյաբանական սպառնալիքները։ Հանդիպման ընթացքին ընդգծուեցաւ անհրաժեշտութիւնը ազգային ամբողջ ներուժի համախմբման եւ համահայկական միասնական ջանքերու գործադրման՝ ի նպաստ ստեղծուած դժուարին իրավիճակի հանգուցալուծման եւ կայուն խաղաղութեան վերահաստատման։ Արայիկ Յարութիւնեան եւ Արցախի խորհրդարանականները կարեւոր նկատեցին պետութիւն-եկեղեցի գործակցութիւնը՝ մասնաւորապէս այս օրերուն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը ազգային միասնականութեան ամրապնդման գործին մէջ։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի թեմի գործունէութեան եւ հոգեւոր կեանքի զօրացման ուղղեալ ծրագրերուն եւ այդ ամբողջին մէջ պետութեան վիճակածներուն։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 17, 2022