ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի «Վա­չէ եւ Թա­մար Մա­նու­կեան» մա­տե­նա­դա­րա­նին մէջ, Ու­սուց­չի օ­րուան կա­պակ­ցու­թեամբ ըն­դու­նեց Մայր Ա­թո­ռի եւ ՀԲԸՄ-ի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ գոր­ծոց Հա­յոր­դեաց տու­նե­րու 140 ու­սու­ցիչ­նե­րը՝ ու­ղեկ­ցու­թեամբ Հա­յոր­դեաց տու­նե­րու հո­գե­ւոր տե­սուչ Տ. Կո­մի­տաս Վրդ. Յով­նա­նեա­նի։ Յա­նուն ման­կա­վարժ­նե­րու ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Հայր Սուր­բը՝ նշե­լով, որ ե­կած են Մայր Ա­թոռ ստա­նա­լու հա­մար Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին պատ­գա­մը, իր օրհ­նու­թեամբ ա­ւե­լի խան­դա­վա­ռուե­լու եւ զօ­րա­նա­լու հա­մար։ Այ­նու­հե­տեւ ներ­կա­նե­րուն իր օրհ­նու­թիւ­նը բե­րաւ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը, որ գնա­հա­տեց Հայր Սուր­բը, ինչ­պէս նաեւ Հա­յոր­դեաց տու­նե­րու տնօ­րէն­ներն ու ման­կա­վարժ­նե­րը՝ ի­րենց նուի­րեալ եւ ջա­նա­դիր ծա­ռա­յու­թեան հա­մար։

Հան­դիպ­ման ա­ւար­տին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը մաղ­թեց, որ Աս­տու­ծոյ ա­ջը հո­վա­նի եւ պա­հա­պան ըլ­լայ ման­կա­վարժ­նե­րուն, իսկ Հա­յոր­դեաց տու­ներն ալ շա­րու­նա­կեն ի­րենց վե­րել­քի եւ ծաղկ­ման ու­ղին։

Այ­սօր Ե­րե­ւա­նի, Կիւմ­րիի, Էջ­միած­նի, Վա­նա­ձո­րի եւ Աշ­տա­րա­կի ութ Հա­յոր­դեաց տու­նե­րուն ա­շա­կեր­տու­թեան թի­ւը կը հաս­նի հինգ հա­զա­րի։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2015