Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ այս շրջանին ուսման համար կը գտնուի Նիւ Եորքի Ս. Ներսէս ընծայարանին մէջ, երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագ մատոյց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդանիստ Ս. Վարդան Մայր տաճարի երդիքին տակ, ուր խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Ս. Վարդան Մայր տաճարի լուսարարապետ Տ. Դաւիթ Քհնյ. Քարամեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ ղեկավարութեամբ Խորէն Մէյխանէճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Ֆլորանս Աւագեանի։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Երուսաղէմի Պատրիարքական Աթոռի երջանկայիշատակ գահակալ Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեանի վախճանման 10-րդ տարելիցին առթիւ։ Այս ոգեկոչումը բացառիկ նշանակութիւն ունէր, որովհետեւ Ս. Վարդան Մայր տաճարը օծուած ու պաշտամունքի բացուած էր՝ երջանկայիշատակ պատրիարքի՝ որպէս Արեւելեան թեմի առաջնորդ պաշտօնավարած տարիներուն։

Հարկ է նշել, որ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան շաբաթ մը առաջ ալ պատարագած եւ քարոզած էր Մենհեթթընի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։  

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2022