«ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԸ ԱՅՍՕՐ ԵՒ ՎԱՂԸ»

Լոս Անճելըսի մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղը այսօր եւ վաղը» խորագրեալ համաժողով մը, որ կազմակերպուած էր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի աջակցութեամբ։ Աշխարհի զանազան երկիրներէ յառաջատար մասնագէտներ այս հաւաքին բերին իրենց մասնակցութիւնը՝ քննարկելով Արցախէ ներս հայկական մշակոյթի պահպանման խնդիրները, միեւնոյն ժամանակ, անդրադարձ կատարելով աշխարհաքաղաքական, դիւանագիտական եւ իրաւական հարցերու։

Կազմակերպիչները խոստացան շարունակել համատեղ աշխատանքը եւ համաժողովի աւարտին ներկայացնել գործողութիւններու յստակ ծրագիր մը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Աւստրիոյ, Ռուսաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կազմակերպուած նման համաժողովներու ժամանակ բարձրաձայնուած խնդիրներուն եւ անոնց լուծումներուն վերաբերեալ։  

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2022