ԵՒ ՍՈՒՐԲ ՔԱՂԱՔԻ ՄԷՋ

Երէկ սկսաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի ուղեւորութիւնը դէպի Երուսաղէմ, ուր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօրուընէ սկսեալ կը նշէ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը՝ ըստ Հին տոմարի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գահակալութեան շրջանին արդէն առաջին անգամ կ՚այցելէ Սուրբ Քաղաք։ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքէն ներս, Սուրբ Աթոռի գահակալ Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ երեկոյեան հիւրընկալեց իր հոգեւոր եղբայրը։ Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ աթոռներու գահակալները ողջագուրուեցան ջերմօրէն։ Երկու պատրիարքներու հանդիպումը տեղի ունեցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի «Կիւլպէնկեան» շքեղ սրահի երդիքին տակ։

Ըստ Պատրիարքարանի աղբիւրներուն կողմէ հաղորդուած մանրամասնութիւններուն, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ձեռնարկեց իր գահակալութեան շրջանի դէպի Սուրբ Երուսաղէմ անդրանիկ պաշտօնական այցելութեան։ Նորին Ամենապատուութեան սոյն այցելութիւնը համընկնեցաւ Հին տոմարով Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութեան օրերուն։

Նոյն առթիւ Սուրբ Երուսաղէմ կ՚այցելեն նաեւ Իսթանպուլէն, Հայաստանէն եւ արտասահմանէն բազմաթիւ ուխտաւորներ։

Մեր Հոգեւոր Պետը, 17 յունուար 2023, երեքշաբթի առաւօտ Իսթանպուլի օդակայանէն մեկնեցաւ Սուրբ Երուսաղէմ՝ ուղեկցութեամբ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։

Սոյն այցելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան շքախումբին մաս կը կազմեն Պատրիարքարանի հրատարակութեան բաժնի տեսուչ Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երէց Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, քահանայից դասէն՝ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը Թել Աւիւի «Պէն Կուրիոն» օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Երուսաղէմի Պատրիարքական Ս. Աթոռոյ դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեանի կողմէ։

ՄՈՒՏՔ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

Ժամը 13.30-ին Երուսաղէմի պատմական Եաֆայի դրան առջեւ հաւաքուած էր հոգեւորականներու, ուխտաւորներու եւ ժողովուրդի մեծ բազմութիւն մը։ Թափօրը կը գլխաւորէր Սուրբ Աթոռոյ լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան։

Սոյն դիմաւորման հանդիսութեան մասնակցեցան նաեւ Սուրբ Երկրի յարանուանութեանց ներկայացուցիչները՝ Ասորի եպիսկոպոսը, Ղպտի եկեղեցւոյ միաբաններ, Լատին եկեղեցւոյ Կիւսթոտը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի մօտ Հայաստանի Հանրապեութեան լիազօր դեսպանը։ Հանդիսութեան կը մասնակցէր նաեւ Սուրբ Երկրի հայ սկաուտներու խումբը։

Եաֆայի դրան առջեւ լուսարարապետ սրբազան հայրը բարի գալուստ մաղթեց Նորին Ամենապատուութեան։ Հոգեւորականներու թափօրը՝ սկաուտներու նուագի եւ ժողովուրդի ծափողջոյններով մեր Հոգեւոր Պետը առաջնորդեց Հայոց վանք, ուր սկսաւ Հրաշափառի արարողութիւնը։

ՀՐԱՇԱՓԱՌ

Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարի մուտքին երեք սարկաւագներ խունկով ընդառաջ ելան Նորին Ամենապատուութեան եւ սկսաւ հոգեւորականաց դասու եւ դպիրներու երգեցողութիւնը։

Նորին Ամենապատուութիւնը հանդիսաւորապէս մուտք գործեց Մայր տաճար, ուր կանոնական ուխտի աղօթք կատարեց Ս. Գլխադրի մատրան մէջ։

Ապա դասի մէջ կատարուեցաւ կանոնական աղօթասացութիւն։

Աւարտին՝ լուսարարապետ սրբազան հայրը բարիգալստեան ուղերձ արտասանեց, որու ընթացքին իր գոհունակութիւնը յայտնեց այն պարագային համար, որ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը ուխտի կու գար Երուսաղէմ եւ Սուրբ Ծննդեան այս օրերուն կը զօրակցէր Սուրբ Աթոռի զինուորեալ միաբանութեան։

Ի պատասխան սոյն ուղերձին՝ Նորին Ամենապատուութիւնը եւս իր սրտի խօսքը արտասանեց եւ ըսաւ, թէ ուրախ է Երուսաղէմ ըլլալով։ Ան յայտնեց, թէ Երուսաղէմը իրեն համար մասնաւոր իմաստ ունի, քանի երեք տարի որպէս միաբան ապրած ու ծառայած է այստեղ։ Նոյն պատճառաւ դիտել տուաւ, որ Ս. Յակոբեանց Մայր տաճարի կամարներուն ներքեւ ինքզինք իր տան մէջ կը զգայ։

Մեր Հոգեւոր Պետը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ Երուսաղէմի Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատրիարք Հօր, որու տնօրինութեամբ իրականացաւ սոյն փառաւոր դիմաւորման հանդիսութիւնը։ Պատրիարք Հայրը շեշտեց, որ այս փառքը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին փառքն է, քանի Սուրբ Քաղաքին մէջ Հայ Եկեղեցին համահաւասար իրաւունքներ ունի միւս մեծ եկեղեցիներու նման։ Աշխարհի վրայ քիչեր գիտեն, թէ այստեղ կայ զինուորեալ միաբանութիւն մը, որուն իւրաքանչիւր անդամը իր կեանքը նուիրաբերած է Քրիստոսակոխ վայրերէ ներս մեր եկեղեցւոյ դարաւոր իրաւունքներու պահպանման։ Մեր Հոգեւոր Պետը իր սէրն ու անկեղծ համակրանքը յայտնեց Սուրբ Աթոռի միաբանութեան ու սաղիմահայ համայնքին։

ՊՈԼՍՈՅ ԵՒ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Հրաշափառի արարողութենէն յետոյ Նորին Ամենապատուութիւնը շարականներու երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ Պատրիարքարան, ուր դահլիճի մուտքին ողջագուրուեցաւ Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանին հետ։ Այստեղ կարճ աղօթքէ եւ հիւրասիրութենէ յետոյ, երկու աթոռներու գահակալները ընդունեցին հիւրերու, ուխտաւորներու եւ սաղիմահայերու աջհամբոյրը։

Մեր Հոգեւոր Պետը սոյն այցելութեան որպէս յիշատակ Հայ Երուսաղէմի Պատրիարքին նուիրեց ապակեայ խեթական ոճով թանկագին սրուակ մը։

Միւս կողմէ, այսօր կը սկսին Սուրբ Ծննդեան հանդիսութիւնները՝ դէպի Բեթղեհէմ երթով։ Նոյն առթիւ, Սուրբ Ծննդեան սրբավայրին մէջ տաղաւարի հանդիսաւոր Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 18, 2023