ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ քրիստոնեաներու հոգեւոր առաջնորդները երէկ երեկոյեան մէկտեղուեցան Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։ Այս կարեւոր հաւաքոյթի տանտէրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ հաւաքին նախագահեց Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին, ինչպէս նաեւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթինի եւ Թուրքիոյ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու ժողովի լիազօր ներկայացուցիչ մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրոյի հետ։ Յունաց Պատրիարքի կողքին էր նաեւ Քաղկեդոնի Էմմանուել մետրապոլիտը։ Միւս հոգեւոր առաջնորդներուն ալ ընկերացան բարձրաստիճան եկեղեցականներ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Պատրիարքարանի լուսարարապետ, միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի պատասխանատու Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, հաւաքոյթի ընթացքին հոգեւոր առաջնորդները կարծիքի փոխանակումներ ունեցան միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն շուրջ։ Հարկ է նշել, որ այս մակարդակով միջեկեղեցական առաջին հանդիպումը շուրջ քսան տարի առաջ տեղի ունեցած էր եւ այդ ժամանակ Թուրքիոյ քրիստոնեաներու հոգեւոր առաջնորդները ընդգծած էին միջեկեղեցական բարւոք համագործակցութեան նկատմամբ իրենց ընծայած կարեւորութիւնը։

Պատրիարքարանի երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը բոլոր հոգեւոր եղբայրներուն նուիրեց «Քրիստոնէութեան հիմնական սկզբունքները» նորատիպ հատորէն օրինակներ։ Սա բոլոր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներու համախոհութեամբ նախապէս հրատարակուած էր թրքերէնով եւ անգլերէնով, իսկ վերջերս լոյս տեսած է հայերէն տարբերակը։

Ժողովի աւարտին նոյնպէս դահլիճի երդիքին տակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր հոգեւոր եղբայրները պատուեց ընթրիքի սեղանով մը։ Ընտանեկան ջերմ մթնոլորտով ընթացաւ այս պահքի ճաշկերոյթը, որուն հրաւիրուած էր նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու երիցագոյն միաբանը կը հանդիսանայ։ Նկատի ունենալով, որ այս տարի Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կը նշէ ծննդեան 60-ամեայ յոբելեանը՝ երէկ կազմակերպուած ընթրիքը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի ան ջերմօրէն շրջապատուի իր հոգեւոր եղբայրներուն կողմէ։ Այսպէս, խորհրդակցութեան մասնակից հոգեւոր առաջնորդներն ու անոնց ընկերակիցները ջերմ շնորհաւորութիւններ եւ արեւշատութեան մաղթանքներ յղեցին Նորին Ամենապատուութեան՝ յանձնելով նաեւ յուշանուէրներ։

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2022