ՀԱՄԲԵՐԱՏԱՐ ԸԼԼԱՆՔ

Մեծ պահոց 19-րդ օրն է:

Արդէն կը մօտենանք ճանապարհորդութեան կէսին հասնելու: Շատեր արդէն յանձնուած են, շատեր յանձնուելու ճանապարհին են, իսկ անոնք որոնք համբերատարութեամբ զինուած են առաւել կայտառութեամբ, յոյսով ու հաւատքով կը պատրաստուին շարունակել ճանապարհորդութիւնը, հասնելու համար խաղաղ նաւահանգիստ:

Արդարեւ, Մեծ պահոց այս ճանապարհորդութիւնը իւրաքանչիւր պահեցողի համար պէտք է ըլլայ համբերութիւն չափելու ընթացք մը: Իւրաքանչիւրի կեանքին մէջ այնքան շատ են դժուարութիւններն ու նեղութիւնները, առանց որոնց կեանքը կեանք պիտի չըլլար: Շատեր կը գանգատին, շատեր կը տրտնջան ու կը դժգոհին ըսելով՝ «ասիկա կեանք չէ», «ասիկա ապրուելիք կեանք չէ», եւ այլն, եւ այլն, բայց զգոյշ այս արտայայտութիւնները ո՛չ թէ «կոտրուած» սիրտի մը արտայայտութիւններն են, այլ՝ Աստուծոյ հանդէպ ուղղուած նախատինք ու անարգանք է, որովհետեւ ո՞վ է կեանք պարգեւողը. Աստուած ի՛նք: Հետեւաբար երբ կը գանգատինք կեանքէն, ուղղակիօրէն անարգած ու նախատած կ՚ըլլանք այդ կեանքը Պարգեւողը: Ուստի, պէտք է զգոյշ ըլլանք մեր արտաբերած իւրաքանչիւր բառին համար, քանի որ հանդերձեալին ատոնց համար հաշիւ պիտի տանք Դատաւորին:

Յիշենք Յոբը, որ համբերութեան հայրը կը համարուի: Յոբ գրեթէ ամէն ինչ ունէր՝ ինչ որ մարդ կը փափաքի ունենալ այս աշխարհի վրայ. պահ եկաւ երբ իր այդ ամբողջ ունեցածը կորսնցուց, նոյնիսկ կինն ու զաւակները: Ի՞նչ ըրաւ ան. տրտնջա՞ց, գանգատեցա՞ւ, բողոքե՞ց. ո՛չ: Ընդհակառակը, երբ իր «բարեկամ»ները եկան «մխիթարել»ու զինք, շնորհակալ սիրտ ունենալէ աւելի՝ դժգոհ սիրտ ունենալու մղեցին, եւ ան բազմաթիւ պատասխաններու շարքին հետեւեալ կերպով պատասխանեց անոնց. «Իր բարեկամէն ծաղրուող մարդ մըն եմ ես. բայց ով որ Աստուծոյ աղաղակէ, Աստուծմէ պատասխան պիտի առնէ: Արդար ու կատարեալ մարդը ծաղր կ՚ըլլայ» (Յոբ 12.4). Յոբ հասկցած էր, որ նոյնիսկ իր ամենէն մտերիմները կը ծաղրէին զինք՝ մխիթարութեան քօղին տակ, սակայն ան հաստատկամութեամբ կ՚ըսէր՝ «ով որ Աստուծոյ աղաղակէ, Աստուծմէ պատասխան պիտի առնէ», որովհետեւ հաւատացած էր Աստուծոյ ողորմութեան, աւելի հաւատացած էր, թէ ամէն ինչ պարգեւողն ու ամէն ինչ առնողը Աստուած է, հետեւաբար անոր համար կարեւոր չէ աշ

խարհիկ ունեցուածքներու՝ նոյնիսկ կին եւ զաւակներու կորուստը, անոր համար էականը Աստուծոյ ներկայութեան մէջ մնալն էր, Աստուծոյ ներկայութիւնը վայելելն էր: Տակաւին ան կ՚ըսէ. «Բայց ես Ամենակարողին խօսքը լսել ու իմ իրաւունքներս Աստուծոյ ներկայացնել կը փափաքիմ» (Յոբ 13.3). լաւապէս ալ հասկցած էր, որ մարդը իրեն ո՛չ իրաւունք եւ ոչ ալ արդարութիւն կրնայ ընել. աւելին, գիտակցած էր, թէ մարդոց խօսքերը ինչքան ալ քաղցր ըլլան, պիտի չկարենան մխիթարել զինք, այդ պատճառով ալ իր միակ փափաքն էր «Ամենակարողին խօսքը լսել» եւ իր «իրաւունքները (խնդիրները) Աստուծոյ ներկայացնել»: Ի՜նչ հոգիի քաջութիւն ու կամքի հզօրութիւն, հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն իր յոյսը չէր կորսնցուցած երանելին Յոբ, ընդհակառակը, կարծէք այդ բոլոր դժուարութիւնները իր մէջ աւելիով կերտած էին աստուածավախ ու աստուածասէր մարդու կերպարը:

Գալով մեզի, այսօր՝

Մեզմէ ո՞վ Յոբ երանելիին օրինակով կը փորձէ ապրիլ ու վարուիլ իր կրած դժուարութիւններուն դիմաց:

Մեզմէ ո՞վ կեանքի մէջ պատահած դժուարութիւններուն դիմաց չի՛ յուսահատիր եւ կը շարունակէ հաւատալ Աստուծոյ զօրութեան:

Մեզմէ ո՞վ իրեն պատահած չարիքներուն համար կը շարունակէ յուսալ Աստուծոյ ողորմութեան:

Մեզմէ ո՞վ իր բարեկամներէն կրած ծաղրանքներուն ընդմէջէն կը շարունակէ փափաքիլ «Ամենակարողին ձայնը լսել»:

Մեզմէ ո՞վ իր խնդիրներուն համար փոխանակ հաշուետու ըլլալու, կը թողու, որ Ամենատեսն Աստուած Ի՛նք իր փոխարէն իր իրաւունքները պաշտպանէ:

Մեզմէ ո՞վ պահեցողութեան այս օրերուն երբ աջէն ու ձախէն վիրաւորանքներ ու ծաղրական խօսքեր կը լսէ, փոխանակ նոյնով պատասխանելու, ժպիտով կ՚ընկալէ եւ միտքին մէջ Քրիստոս Յիսուսի բառերով կ՚ըսէ՝ «Հայր ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ինչ կ՚ընեն»:

Ի վերջոյ, մեզմէ ո՞վ փորձութիւններուն դիմաց համբերութիւն կը ցուցաբերէ, համբերութեամբ՝ հաւատք, հաւատքով՝ յոյս, յոյսով՝ սէր, հանդէպ Ամենասուրբ Երրորդութեան, որ բոլոր համբերատարներուն մխիթարիչն ու օգնականն է:

Տասնիններորդ օրուան մարտահրաւէր. պահեցողութեան այս օրերուն դաստիարակենք մենք մեզ համբերատար ըլլալու, մեր վրայ առնելով համբերութեան զրահը, որով ամէն դժուարութիւն կը նուաճուի եւ կ՚ոչնչանայ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2022