ՀԱՍՏԱՏՈՒՆ ԵՒ ԱՄՈՒՐ ՀԱՒԱՏՈՎ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ ընդունեց՝ վերջերս քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման արժանացած, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ քառասնօրեայ ապաշխարութեան ու պատրաստութեան շրջանը աւարտած նորաօծ եկեղեցականները՝ առաջնորդութեամբ լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեանի։ Նորաօծ եկեղեցականներուն ձեռնադրութիւնը անցեալ փետրուարի 4-ին տեղի ունեցած էր Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։

Վեհափառ Հայրապետը երէկուան հանդիպման ընթացքին երիտասարդ հոգեւորականներուն փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնը։ Ան յորդորեց՝ ծառայութիւն իրականացնել աւետարանական պատուէրներու եւ պատգամներու համաձայն՝ առաջնորդուելով մեր սուրբ հայրերու օրինակով։

Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց նաեւ, որ նորաօծ հայրերը ծառայութեան մէջ պիտի հանդիպին բազմաթիւ դժուարութիւններու եւ մարտահրաւէրներու, սակայն առ Աստուած զօրաւոր հաւատով, նուիրեալ ծառայութեամբ, խոհեմութեամբ ու համբերատարութեամբ պիտի կարողանան այդ բոլորը յաղթահարել՝ արդիւնաւէտ դարձնելով հոգեւոր սպասաւորութիւնը Մայր Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։

Վերջաւորութեան Վեհափառ Հայրապետը պատգամեց հոգեւոր հայրերուն՝ ըլլալ անսասան ու հաստատուն իրենց կոչման մէջ, յոյսով, հաւատով, սիրով եւ անձնդիր նուիրումով ծառայել հաւատաւոր հօտին։

Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց հոգեւորականները, որոնց ընծայեց ձեռաց խաչեր ու Սուրբ Հաղորդութեան մասնատուփեր։

Երկուշաբթի, Մարտ 18, 2024