Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ՄՈՒՏՆ Ի ՎԻՐԱՊ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մուտն ի Վիրապ յիշատակութեան տօնախմբութեան։ Արարողութեան ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, միաբան հայրեր եւ քահանաներ։ Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարեցին ուխտաւոր դպիրներ՝ առաջնորդութեամբ Յովհաննէս Պաթարի։

Նախքան Տէրունական աղօթքը, Պատրիարք Հայրը քարոզեց եւ անդրադարձաւ չարչարանքներու եւ Խոր Վիրապի խորհուրդին։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, եկեղեցւոյ բակին մէջ սարքուեցաւ պահքի սիրոյ սեղան:

Երկուշաբթի, Մարտ 18, 2024