ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ս. ԶԱՏԿԻ ՏԱՂԱՒԱՐԻՆ ԱՌԹԻՒ
Քրիստոսի Ս. Յարութեան տաղաւարին առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի արտօնութեամբ, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան հովուական այցելութիւն տուին Մալաթիոյ եւ Էլազըղի հայ համայնքներուն։
Տ. Յարութիւն Աբեղայ եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քահանայ 13 Ապրիլ, Երկուշաբթի առաւօտ, օդային ճամբով մեկնեցան Մալաթիա, ուր դիմաւորուեցան Սարգիս Պօյաճըի կողմէ եւ առաջնորդուեցան իր մեծհօր՝ Վահէ Պենկիի բնակարանը։
Նոյն օրը, ժամը 18.30-ին, քաղաքի գերեզմանատան Ս. Յարութիւն աղօթարան-մատրան մէջ նախ կա-տարուեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն։ Համայնքի երիցագոյն եւ կրտսեր 12 անդամներ մասնակցեցան այս հոգեպարար արարողութեան։
Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղայ։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Սարգիս Պօյաճը, Արէտ Պօյաճը, Ռոպէրթ Թապաշ, Սեւան Թապաշ, Արտա Թապաշ, Իլիաս Պայյիղիտ, Ալեքս Թապաշ։ Ճաշու Գիրքը կարդաց Մարիամ Թապաշ։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի առաջնորդութեամբ՝ խումբ մը մալաթիացի երիտասարդ հաւատացեալներու կողմէ։
Նախքան Տէրունական աղօթքը՝ Հայր Սուրբը քարոզեց եւ յիշեցուց Քրիտոսի Ս. Յարութեան նկատմամբ հաստատ հաւատք ունենալու կարեւորութիւնը եւ Աստուծոյ խօսքին թափանցելու անհրաժեշտութիւնը։ Հայր Սուրբը իր խօսքին աւարտին յիշեցուց, որ Ս. Յարութեան տաղաւարը, նաեւ անուան տօնախմբութիւնն էր Ս. Յարութիւն աղօթարան-մատրան։ Աստուծոյ գոհութիւն եւ փառք մատուցանեց որ, այս գող-տրիկ աղօթատեղիին մէջ անգամ մը եւս տօնուեցաւ Ս. Յարութեան տօնը։
Յաւարտ Ս. Պատարագի մասնակից հաւատացեալներ մութին մէջ մոմեր ի ձեռին եւ «Յարեաւ Քրիստոս» շարականի երգեցողութեամբ թափօրով ուղղուեցան դէպի մատրան սրահը, ուր կատարուեցաւ Տնօրհնէքի արարողութիւն, որու աւարտին ներկայ հաւատացեալները բոլորուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ։
Յաջորդ օր, ժամը 16.30-ին յետ երեկոյեան ժամերգութեան, կատարուեցաւ Անդաստանի արարողութիւն՝ մասնակցութեամբ մալաթիացի երիտասարդներու։ Ապա գերեզմանատան մէջ կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հանգուցեալ մալաթիացիներու հոգւոցն ի հանգիստ։
Չորեքշաբթի առաւօտուն, Հայր Սուրբը եւ Տէր Հայրը ընկերակցութեամբ Սէրտար Պօյաճըի ուղղուեցան Մալաթիոյ Արաբկիր գաւառակը։ Այցելութիւն տրուեցաւ հայոց գերեզմանատունը։ Պէտք է նշել, թէ գերեզմանատունը կը գտնուի ներկայանալի վիճակի մը մէջ, բարեզարդուած՝ տեղւոյն քաղաքապետութեան եւ արաբկիրցի ազգայիններու ջանքերով։ Գերեզմանատան մէջ կանգնեցուած քարեղէն խորանին առջեւ կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հանգուցեալ արաբկիրցիներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Ապա այցելութիւն տրուեցաւ քաղաքաբնակ Սարգիս եւ Միքայէլ եղբայրներու բնակարանը, ուր կա-տարուեցաւ տնօրհնէք եւ մատակարարուեցաւ Ս. Հաղորդութիւն։ Երկու եղբայրները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին հոգեւոր հայրերուն։
Հայր Սուրբը, Տէր Հայրը եւ իրենց ընկերակիցը յետմիջօրէին Արաբկիրէն բաժնուեցան եւ ուղղուեցան դէպի Էլազըղ, ուր հիւրասիրուեցան Եաղճը ընտանիքի բնակարանին մէջ։ Ժամը 20.00-ին, քաղաքի հայ համայնքի անդամները մասնակցեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայի մատուցած առտնին Ս. Պատարագին։ Ս. Սեղանին սպասարկեց Իսա Եաղմուր։ Ճաշու Գիրքը կարդաց Արման Եաղճը։ Նախքան Տէրունական աղօթքը՝ Հայր Սուրբը քարոզեց վեր առնելով Քրիստոսի Ս. Յարութեան կարեւորութիւնը, հաւատքի կեանքի զօրացման համար։
Հինգշաբթի, ժամը 12.30-ին, համայնքի անդամները համախմբուեցան Խուլվէնք գիւղի հայոց գերեզմանատան մէջ, ուր կատարուեցաւ բացօթեայ Անդաստան։ Ապա Ս. Յարութեան եւ հանգստեան շարականներու երգեցողութեամբ կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հանգուցեալ էլազըղցիներու հոգւոցն ի հանգիստ։
Գերեզմանատան մէջ կատարուած արարողութենէն յետոյ հոգեւոր հայրերը քաղաքավարական այցելութեամբ շնորհաւորեցին քաղաքի ասորւոց հոգեւոր հովիւ Տ. Մուշէ Տաղ Վարդապետը Քրիստոսի Ս. Յարութեան տաղաւարին առթիւ։ Անոնք նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեցին ասորւոց հովիւին, որ իր եղբայրը կորսնցուցած էր Գերմանիոյ մէջ։ Տ. Մուշէ Վարդապետ շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած շնորհաւորական եւ ցաւակցական այցելութեան համար։ Շնորհաւորեց նորապսակ Տ. Յարութիւն Աբեղան եւ յաջողութիւն մաղթեց իր հոգեւոր առաքելութեան մէջ։
Նոյն գիշերը ժամը 23.00-ին, Տ. Յարութիւն Աբեղան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քահանան օդային ճամբով վերադարձան Իսթանպուլ։
Մալաթիոյ, Արաբկիրի եւ Էլազըղի հայերը մեծապէս ուրախ էին մասնակցած ըլլալով Ս. Զատկի առթիւ մատուցուած պատարագներուն եւ ստանալով՝ Ս. Հաղորդութիւն։ Անոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Պատրիարքական Աթոռոյ ցուցաբերած հայրական հոգածութեան համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Սրբազան Հօր, որ պատշաճը տնօրինած էր սոյն այցելութիւններու կապակցութեամբ։
Եկեղեցական
- 11/27/2024