ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի տիկնանց յանձնախումբի անդամուհիները, որոնց հետ էր նաեւ ՀԲԸՄ-ի բազմամեայ գործիչներէն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերար Ռուբէն Քեշիշեան։ Հանդիպման սկիզբին Ռուբէն Քեշիշեան ներկայացուց ուխտագնացութեան մասնակիցները՝ ուրախութիւն յայտնելով Հայաստանի մէջ գտնուելու կապակցութեամբ։ Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետն ալ ներկաներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու պատգամը։ Նորին Սրբութիւնը գնհատանքով արտայայտուեցաւ ՀԲԸՄ-ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի կողմէ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։ Ան նշեց, որ ՀԲԸՄ անուրանալի դերակատարութիւն մը ունի թէ՛ արժանթինահայ իրականութեան մէջ եւ թէ համայն հայութեան ազգային կեանքէն ներս։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2019