ԲՌՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՆԽԱՐԳԵԼՈՒՄԸ ՊԷՏՔ ՉԷ ԾԱՌԱՅԵՑՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԸՆԿԱԼՄԱՆ ՁԵՒԱԽԵՂՄԱՆ

Հայաստանի Ազգային ժողովը կը պատրաստուի փոփոխութեան ենթարկել՝ ընտանիքէ ներս բռնութեան կանխարգիլման, ընտանիքէ ներս բռնութեան ենթարկուած անձերու պաշտպանութեան եւ ընտանիքէ ներս համերաշխութեան վերականգնման մասին օրէնքը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի իրաւախորհրդատուական յանձնախումբը խորհրդարանի այս նախագծին կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ բռնութեան կանխարգիլումը պէտք չէ ծառայեցուի՝ ընտանիքի աւանդական ընկալման ձեւախեղման համար առիթ։

Յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խիստ տարակուսանքով տեղեկացած է վերոյիշեալ օրէնքի փոփոխութեան ուղղեալ խնդրայարոյց նախագիծը։ Եկեղեցին կ՚ողջունէ իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն՝ ներառեալ իրաւական փաստաթուղթ, կոչուած բռնութիւնը բացառելու ընտանիքի եւ ընկերային այլ որեւէ միջավայրի մէջ։ Արդարեւ, բռնութեան որեւէ դրսեւորում դատապարտելի է ու բոլոր մարդիկ կը գտնուին Աստուծոյ անփոփոխ խնամքին ներքեւ։

Այս բոլորով հանդերձ, խորհրդարանի նախագծին մէջ խիստ անընդունելի կը համարուին կարգ մը ձեւակերպումներն ու հասկացութիւնները։ Այսպէս, «կենցաղային բռնութիւն» հասկացութիւնը խիստ անորոշ է ու տարածական, կը հակասէ ընտանիքէ ներս բռնութիւններու կանխարգիլման նպատակին եւ արհեստականօրէն կ՚ընդլայնէ օրէնքի կարգաւորման տիրոյթը։ Յայտարարութեան մէջ առաւել քան մտահոգիչ համարուած է խնդրոյ առարկայ նախագծին «զուգընկեր» հասկացութեան ներմուծուած ըլլալը։ Նախագծին մէջ որեւէ ձեւով չէ բացառուած, որ զուգընկեր կրնան համարուիլ նոյնասեռ անձեր, որոնց միութիւնը, ըստ էութեան, կը հաւասարեցուի ընտանիք հասկացութեան։

«Ընտանիքը տղամարդու եւ կնոջ սիրոյ միութիւնն է՝ Աստուծոյ կամքի մէջ միաւորուած եւ սերնդագործութեամբ օրհնուած։ Ընտանիքի աւանդական ընկալումը գոյաբանական նշանակութիւն ունի մեր ազգին համար եւ չի կրնար սակարկման առարկայ ըլլալ», նշուած է յայտարարութեան մէջ։ Հետեւաբար, բռնութեան կանխարգիլումը պէտք չէ առիթ դառնայ՝ ընտանիքի աւանդական ընկալման ձեւախեղման համար։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2024