ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասու տարեկան համագումարը վերջերս տեղի ունեցաւ՝ հիւրընկալութեամբ Ուաթըրթաունի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ։ «Պափսըն» քոլէճի համալիրէն ներս, գործադիր համագումարներու կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս տարեկան համագումարը՝ նախագահութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպիսկոպոս Ֆընտըքեանի։ Այս վերջինը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եպիսկոպոս ձեռնադրուելէ անմիջապէս առաջ նախագահեց Արեւելեան թեմի Եկեղեցականաց տարեկան համագումարին։

Ծուխերու հոգեւոր հովիւները եւ թեմի կղերականները այս առթիւ ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկեցին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի ծաւալած գործունէութիւնը։ Մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձուեցաւ Ս. Ներսէս ընծայարանի ծաւալած աշխատանքը։ Համագումարի որոշ նիստերուն մասնակցութիւն բերին նաեւ Թեմական խորհուրդի անդամներէն Փոլ Մարտոյեան եւ Ռոզըն Մանուկեան։

Համագումարի մասնակիցները Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ հաւաքաբար ներկայ գտնուեցան  Ս. Պատարագի, զոր մատոյց Հայր Գաբրիէլ Վարդանեան։

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն ալ պատգամ մը ուղարկած էր Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասուն եւ այդ մէկը ընթերցուեցաւ համագումարի բացման։

Միւս կողմէ, այս շաբաթավերջին Նիւ Եորքի մէջ մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի կ՚ունենայ ի պատիւ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեանի։ Այսպէս, նորին սրբազնութիւնը կը մեծարուի՝ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան առթիւ։ Արարողութեան կը մասնակցի նաեւ թեմի նախկին բազմամեայ առաջնորդը՝ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ պաշտօնական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ներկայ էր նաեւ սրբազանի օծման։

Շաբաթ, Մայիս 18, 2019