ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Մալթայի Ինքնիշխան Մարտական Ուխտի դեսպան Տոմենիքօ Արտուինին։ Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի ընթացքին գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ Մալթա մարդասիրական առաքելութիւն կ՚իրականացնէ զանազան երկիրներու մէջ, ներառեալ Հայաստանը՝ մասնաւորապէս հայ ժողովուրդի տեսակէտէ ներկայ դժուարին շրջանին։ Նորին Սրբութիւնը դեսպանին տեղեկութիւններ փոխանցեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ընկերային եւ առողջապահական ծրագրերուն մասին՝ յատկապէս կարեւորելով յետպատերազմեան շրջանին նահատակներու ընտանիքներուն, վիրաւոր զինուորներուն ուղղեալ հոգեւոր եւ ընկերային աջակցութիւնը։

Իր կարգին, դեսպանն ալ Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց Մալթայի կողմէ Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած մարդասիրական եւ առողջապահական ծրագրերը։ Ան մատնանշեց նաեւ յիշեալ ոլորտներէն ներս նորարար ծրագրերու ներդրման եւ փորձառութեան փոխանակման ուղղեալ նախաձեռնութիւնները։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը դեսպանին փոխանցեց իր օրհնութիւնը՝ մաղթելով, որ Մալթայի ծրագրերը բարի արդիւնաւորում ունենան։

Հինգշաբթի, Մայիս 18, 2023