ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՏՊԱՐԱՆԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ ՄԸ՝ «ԸՆԴԴԷՄ ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐՈՒՆ»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանը վերջերս լոյս ընծայեց «Ընդդէմ Եհովայի վկաներուն» գիրքը։ Կիլիկիոյ Աթոռի հոգելոյս միաբաններէն Տ. Զարեհ Արք. Ազնաւորեանն է այս գործին հեղինակը։ 422 էջէ բաղկացեալ գործը կը սկսի Անթիլիասի հրատարակչութեան բաժանմունքի վարիչ Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանի յառաջաբանով, ուր ներկայացուած է այս գործին կենսական կարեւորութիւնը։ Յառաջաբանին մէջ ընդգծուած է, որ առանց Աստուածաշունչին յայտնած վարդապետական ճշմարտութիւններուն՝ Աստուած կատարեալ անծանօթ կը մնայ, հետեւաբար հարկ է ճշմարտութիւնները ճանչնալ, իւրացնել եւ անոնցմով ապրիլ։

Գիրքի հեղինակ հոգելոյս սրբազանը կը ներկայացնէ «Եհովայի վկաներ» եզրը, աղանդին ծագման հոլովոյթն ու աշխատելադաշտը, քարոզարշաւի մեթոտաբանութիւնը՝ վաղ ժամանակներէն մինչեւ վերջին շրջան։ Ասոր յաջորդող բաժինները՝ «Եհովայի՞ վկաներ, թէ ստութեան վկաներ», «Ամենասուրբ Երրորդութիւն. պատասխան Եհովայի վկաներու», «Եհովայի վկաներու այլափոխուած Աստուածաշունչը», «Ճշմարտութիւնը Եհովայի վկաներու մասին», կը սկսին ներածականով եւ կը շարունակուին ենթախորագիրներու բաժնուած մանրամասն նկարագրութիւններով եւ վերլուծումներով՝ հիմնուած սրբազանի ուսումնասիրութիւններուն եւ հարուստ աղբիւրներու վրայ, որոնք ցանկագրուած են հատորի աւարտին։

Այս գիրքը ապահովելու համար կարելի է այցելել Անթիլիասի գրատունը, որ նաեւ ունի իր կայքէջը՝ www.ciliciabookstore.com, որու միջոցաւ կարելի է պատուէր տալ։

Հրատարակինչները խորհուրդ կու տան այս գիրքը ուսումնասիրել՝ երկնային ճշմարտութիւնները նախանձախնդութեամբ իւրացնելու համար։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2020