ԴԺՈՒԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովը։ Օրակարգի վրայ ընդգրկուած էին քորոնաժահրի համաճարակի կանխարգիլման ուղղեալ քայլերուն, հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններուն, Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան ընթացքին եւ ազգային-եկեղեցական կեանքին վերաբերեալ հարցեր։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի դահլիճի երդիքին տակ գումարուեցաւ ժողովը։

Համավարակի ընթացքին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ թեմերու կողմէ Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած ընկերային աջակցութեան լայնածաւալ ծրագրերու մասին զեկուցեց Տ. Մարկոս Քհնյ. Մանկասարեան, որ կը գլխաւորէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակը։ Տեղեկացուեցաւ, որ Մայր Աթոռի միջոցներով, սփիւռքի թեմերէ, բարերարներէ եւ հիմնադրամներէ ստացուած գումարներով ծրագիրներ իրականացուած են ընկերային, առողջապահական եւ կրթական ոլորտներէ ներս։ Այս կապակցութեամբ հանրութիւնը պարբերաբար պատշաճ ձեւով կ՚իրազեկուի։ Ծանուցուեցաւ նաեւ Վեհափառ Հայրապետի մասնաւոր տնօրինութեամբ Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքներուն ցուցաբերուած զօրակցութեան մասին։ ԳՀԽ գնահատանքով ողջունեց կատարուած աշխատանքները՝ կարեւորելով առկայ դժուար պայմաններուն ներքեւ կարիքաւոր ընտանիքներուն ցուցաբերուած աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ առողջապահական եւ կրթական ոլորտներէ ներս Հայաստանի կառավարութեան ցուցաբերուած օգտակարութիւնը։ Ժողովականները քննարկեցին նաեւ ծրագրերու ապագայ ընթացքին վերաբերեալ հարցեր։

Նիստի տեւողութեան լսուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեանի զեկոյցը՝ Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան եւ ամրակայման աշխատանքներու ընթացքին մասին։ Ան տեղեկացուց, որ համավարակի հետեւանքով աշխատանքները դադրեցուած էին ու վերսկսան միայն վերջերս։ Աւարտին մօտեցած են տաճարի կեդրոնական գմբէթի աշխատանքները եւ արդէն անցեալ շաբաթավերջին Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ կատարուեցաւ գմբէթի նորակերտ խաչի օծման եւ տեղադրման արարողութիւնը։ Ամբողջապէս աւարտած է զանգաշտարակներու նորոգումը, կ՚ընթանայ զանգակատան ամրակայումն ու նորոգութիւնը եւ տաճարի հիմքերու ջրամեկուսացումը։ Զուգահեռաբար կ՚իրականացուի Մայր Տաճարի շրջակայ տարածքի բարեկարգումը։ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան մատնանշեց, որ շինարարական աշխատանքներուն զուգընթաց ճարտարապետներու կողմէ կը կատարուին նաեւ անհրաժեշտ ուսումնասիրութիւններ։ Այս բոլորի հիման վրայ ի յայտ եկած են նոր խնդիրներ արեւմտեան մուտքին յարակից հիւսիսային եւ հարաւային թաղածածկերու պարագային։ Անոնք պէտք է ամբողջապէս վերակառուցուին։ Անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ տրուեցան նաեւ տաճարի արտաքին եւ ներքին լուսաւորութեան, ձայնային, ինչպէս նաեւ տեսագրման ու հեռարձակման համակարգերու տեղադրման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն մասին։ Մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ տաճարի որմնանկարներու ուսումնասիրման եւ վերականգնման խնդիրը։ Այս առընչութեամբ տեղեկացուեցաւ, որ աշխատանքը ժամանակատար է, որովհետեւ կ՚ենթադրէ որմնանկարներու ծեփերէ առանձնացումը, շինարարական աշխատանքներու աւարտին վերատեղադրում եւ նորոգում։ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան ժողովականներուն ամփոփ տեղեկութիւններ փոխանցեց նաեւ Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան համար անհրաժեշտ միջոցներու հանգանակութեան ընթացքին, կազմակերպման աշխատանքային յանձնախումբի գործունէութեան շուրջ։ Ծանուց-ւեցաւ, որ ներկայ իրավիճակով պայմանաւորուած հանգանակութիւններու գործընթացը կանգ առած է եւ առայսօր հանգանակուած է նորոգութեան համար անհրաժեշտ գումարի միայն մէկ երրորդը։

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցերը ԳՀԽ-ի երէկուան նիստի օրակարգի հիմնական նիւթերու շարքին էին։ Այդ յարաբերութիւններուն առընչուող հարցերու աշխատանքային խումբի գործունէութեան վերաբերեալ զեկուցում մը ներկայացուց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան։ Ամփոփ տեղեկութիւններ փոխանցելով աշխատանքային թեմաթիք հինգ ենթախումբերու հանդիպումներու արդիւնքներուն շուրջ՝ ան նշեց, որ աշխատանքները ընթացքի մէջ են եւ առաջադրուած հարցերը քննարկման փուլի մէջ կը գտնուին։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ շաբաթներ առաջ Հայաստանի կառավարութեան անունով մամուլի մէջ հրապարակուած տեղեկութիւններուն, ուր արձանագրուած էին աշխատանքային խումբի մէջ քննարկուած հարցերու վերաբերեալ զանազան պետական մարմիններու մօտեցումները։ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան այս կապակցութեամբ յայտնեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ աշխատանքային խումբի՝ Եկեղեցւոյ կողմէ ներկայացուած անդամներու եւ ենթախումբերու եկեղեցական համակարգողներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է հանդիպում մը։ Քննարկուած հարցերու շուրջ այս առթիւ պատրաստուած է տեղեկանք, որով կ՚ամփոփուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիրքորոշումները։ Օրեր առաջ այդ տեղեկանքը առաքուած է Հայաստանի կառավարութեան։ Իր հերթին, ԳՀԽ-ն ալ քննութեան առաւ խնդրոյ առարկայ հարցերը՝ թելադրելով շարունակել հետեւողական աշխատանք տանիլ առաջադրուած խնդիրներու կարգաւորման ուղղութեամբ։

Երէկուան ժողովի ընթացքին Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Պարսամեան զեկուցումով մը հանդէս եկաւ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններուն մասին։ Ան տեղեկացուց, որ համավարակի պայմաններուն ներքեւ ճեմարանը շարունակած է իր կենսագործունէութիւնը՝ կազմակերպելով հեռավար ուսուցում եւ աւարտին հասցուցած՝ ուսումնական տարին։ ԳՀԽ-ի անդամներուն տեղեկութիւններ փոխանցուեցան նաեւ այս ընթացքին ճեմարանի նոր սաներու ընդունելութեան կազմակերպման ընթացակարգին վերաբերեալ։ Նշուեցաւ, որ մասնաւոր աշխատանք կը տարուի ընդունելութեան տարիքային շեմը բարձրացնելու եւ պարտադիր զինուորական ծառայութիւնը աւարտած երիտասարդներուն ճեմարան ընդունուելու հնարաւորութիւն ընձեռելու համար։ Ժողովականները կարեւոր նկատեցին, որ տեսչութեան կողմէ Հայաստանի եւ սփիւռքի թեմերէն ներս յաւելեալ աշխատանքներ կատարուին՝ երիտասարդ հայորդիները ճեմարան ուսումնառութեան հրաւիրելու համար։ Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Պարսամեան խօսքին մէջ անդրադարձաւ ճեմարանի ուսումնական գործընթացի վերականգնման աշխատանքներուն, որով վերատեսութեան կ՚ենթարկուի նաեւ ուսումնական ծրագիրը։ Տեղեկացուեցաւ, որ համավարակի առկայ իրավիճակին բերումով ճեմարանի ուսումնական գործընթացը Սեւանի Վազգէնեան հոգեւոր դպրանոցէն ներս պիտի կազմակերպուի յառաջիկայ ուսումնական տարիին։ ԳՀԽ-ի անդամները մեծապէս կարեւորեցին ապագայ եկեղեցականներու պատրաստութեան առաքելութեան ուղղեալ ջանքերը։ Անոնք յորդորեցին արդիւնաւորութեամբ, ժամանակի պահանջներուն համահունչ շարունակել հոգեւորականներու նոր սերունդի կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը։

Վերոյիշեալ հարցերուն առընթեր անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի կեանքին, համավարակի պայմաններու ներքեւ սփիւռքի համայնքներու եւ թեմերու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ եկեղեցականներու հոգեւոր սպասաւորութեան վերաբերեալ զանազան խնդիրներուն։

Վերջաւորութեան Ամենայն Հայոց Վեհափառը հայրապետական իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց ժողովականներու օգտաշատ քննարկումներուն համար։ Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց ներկայ դժուարին ժամանակաշրջանին Եկեղեցւոյ կողմէ ժողովուրդին ցուցաբերուած զօրակցութիւնը։ Ան ընդգծեց, որ Մայր Աթոռը պիտի շարունակէ յորդորել եկեղեցականներուն, որպէսզի իրենց օգտակարութիւնը բերեն թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու դիմագրաւման եւ ազգային միասնականութեան ոգիի զօրացումով առկայ խնդիրներու յաղթահարման համար։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2020