ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց World Vision միջազգային բարեգործական կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի եւ Արեւելեան Եւրոպայի տարածքաշրջանային ֆորումի մասնակիցները։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ մայրավանքի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ։ Հիւրերուն ուղեկցեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ներեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի տնօրէն, World Vision-Հայաստանի խորհրդատուական խումբի անդամ Տ. Պարոյր Քհնյ. Աւետիսեան եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի «Հայաստանեան կլոր սեղան» միջեկեղեցական բարեգործական հիմնադրամի տնօրէն, World Vision-Հայաստանի խորհրդատուական խումբի ատենապետ Կարէն Նազարեան։

World Vision միջազգային բարեգործական կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի եւ Արեւելեան Եւրոպայի տարածքաշրջանային ղեկավար Պենկ Եէոն Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց պաշտօնական պատուիրակութեան շուրջ 40 անդամները, որոնք 21 երկիրներէ համախմբուած են Հայաստանի մէջ։ Այս օրերուն անոնք Երեւանի մէջ կը գումարեն իրենց հերթական ֆորումը։ Եէոն շնորհակալութիւն յայտնեց Մայր Աթոռի մէջ Հայոց Հայրապետի հետ հանդիպման եւ Ս. Պատարագի մասնակցելու հնարաւորութեան համար։

Այնուհետեւ Նորին Սրբութիւնը հիւրերուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքը։ Նկատի ունենալով, որ հանդիպումը կը զուգադիպէր Խաչվերացի օրուան՝ Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց տաղաւարի խորհուրդը։ Ան նշեց, որ եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր անդամ այդ տօնին կ՚անդրադառնայ Քրիստոսի փրկագործութեան։ Նորին Սրբութիւնը վստահութիւն յայտնեց, թէ մասնակցելով Ս. Պատարագին՝ հիւրերը կը համակուին աղօթքով եւ հաղորդ կը դառնան օրուայ խորհուրդին։

Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով արտայայտուեցաւ այս կազմակերպութեան անդամներու նուիրեալ եւ օգտաշատ ծառայութեան շուրջ, որ իր բարի պտուղները կու տայ թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ Հայաստանէ դուրս։ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութիւն յայտնեց Հայ Եկեղեցւոյ եւ World Vision-ի միջեւ կրթական եւ ընկերային ոլորտներէ ներս ձեւաւորուած սերտ գործակցութեան կապակցութեամբ։ Ան նաեւ խօսեցաւ World Vision-ի աշխատանքներուն ընդգրկուած Տ. Պարոյր Քհնյ. Աւետիսեանի եւ Կարէն Նազարեանի նուիրեալ ծառայութեան մասին։

Հանդիպման աւարտին ներկաները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Վեհափառ Հայրապետին՝ ջերմ հիւրընկալութեան եւ օրհնութեան արժանանալու համար։ Տեսակցութեան ներկայ էին Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։

Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը օտար դիւանագէտներ։ Այսպէս, վերջին օրերուն Երեւան այցելեցին շարք մը երկիրներու Հայաստանի մօտ հաւատարմագ-րըւած դեսպանները, որոնք մշտապէս չեն բնակիր երկրին մէջ եւ համատեղութեան կարգով կ՚աշխատին Թիֆլիզէն։ Այդ դեսպաններու խումբը վերջին օրերուն այցելեց Երեւան, ուր տեղի ունեցան շարք մը պաշտօնական հանդիպումներ եւ այլ յարակից այցելութիւններ։ Այս ամբողջին մէջ մայրավանքի դիւանատան երդիքին տակ օտարերկրեայ դեսպանները հիւրընկալուեցան նաեւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։ Անոնց ուղեկցեցաւ Թիֆլիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Սադոյեան։ Դեսպաններու շարքին էր նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի Պապական նուիրակ Հայր Խոսէ Աւելինօ Պեթանքուր։ Ռուբէն Սադոյեան Նորին Սրբութեան ներկայացուց դեսպանները՝ տեղեկութիւններ փոխանցելով անոնց ճանաչողական այցելութեան շուրջ։ Այնուհետեւ Նորին Սրբութիւնը հիւր դիւանագէտները ողջունեց եւ յղեց իր բարեմաղթանքը։ Կարեւորելով նման այցելութիւնները՝ Վեհափառ Հայրապետը վստահութիւն յայտնեց, թէ հաղորդ դառնալով հայ մշակոյթին եւ պատմութեան, դեսպանները հնարաւորութիւն կ՚ունենան աւելի լաւ ճանչնալու ու հասկնալու Վրաստանի մէջ ապաստան գտած հայորդիները եւ դարաւոր աւանդոյթներու տէր հայ համայնքը։

Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի առաքելութեան եւ հայոց կեանքէ ներս քրիստոնէական հաւատի դերակատարութեան մասին։

Վեհափառ Հայրապետէն հրաժեշտ առնելէ վերջ դեսպանները շրջայց մը կատարեցին մայրավանքի համալիրէն ներս՝ մասնաւորապէս ծանօթանալով թանգարաններուն, տեսնելով դարերու ընթացքին համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնէն ներս հաւաքուած սրբութիւնները եւ մշակութային բացառիկ գանձերը։ 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2018