ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԸ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցան Խաչվերացի աւանդական տօնակատարութիւններ։ Տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որ խօսեցաւ օրուան խրատականը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Կարպիս Քըլըճեանի։

Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ շնորհաւորեցին հաւատացեալներուն տաղաւարը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2023