ՊԱԼԱԹԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Խաչվերացի տօնակատարութիւններուն, որոնց ընթացքին խօսեցաւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։  Տաղաւարէն օր մը առաջ ալ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց նախատօնակի եւ հսկման արարողութիւններուն։ Երեկոյեան ժամերգութեան նախագահեց Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։

Արարողութիւններու բոլոր փուլերուն հաւատացեալներ գունդ առ գունդ այցելեցին՝ ուխտավայր դարձած մեր այս եկեղեցին, ուր իրենց մոմը վառեցին Չարխափան Աստուածամօր խորանին առջեւ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2023