ՆՈՐ ԽԱՉԵՐՈՒ ՕԾՄԱՆ ԿԱՐԳ

Ե­րե­ւա­նի ա­րուար­ձան­նե­րէն Ա­րաբ­կիր թա­ղա­մա­սին մէջ ներ­կա­յիս կը կա­ռու­ցուի նոր ե­կե­ղե­ցի մը, ո­րու շի­նա­րա­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը կ՚ըն­թա­նան թա­փով։ Մինչ այս մեծ թա­ղա­մա­սի հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը կը սպա­սեն ի­րենց նո­րա­կա­ռոյց ա­ղօ­թա­տան բաց­ման՝ ե­րէկ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը օ­ծուե­ցան այս ե­կե­ղեց­ւոյ խա­չե­րը։ Ա­րա­րո­ղու­թեան նա­խա­գա­հեց Տ. Ա­րա­րատ Եպսկ. Գալ­թաք­ճեան, ո­րու կող­քին էին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի լու­սա­րա­րա­պետ Տ. Յով­նան Ա­բե­ղայ Յա­կո­բեան եւ Վար­չատն­տե­սա­կան բաժ­նի վա­րիչ Տ. Մու­շեղ Եպսկ. Պա­պա­յեան։

Այս առ­թիւ Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նով օ­ծուե­ցան նո­րա­կա­ռոյց ե­կե­ղեց­ւոյ գմբէ­թին եւ զան­գա­կա­տան վրայ զե­տե­ղուե­լիք խա­չե­րը։ 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2015