ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅՈՐԴԵԱՑ ՏՈՒՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայորդեաց տուներու տնօրէններն ու փոխ-տնօրէնները։ Հարկ է նշել, որ Հայորդեաց տուները կը գործեն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հովանաւորութեան ներքեւ։ Վեհարանի ընդունելութեան ժամանակ Նորին Սրբութեան կողքին էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Կիրակոսեան։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը օրհնութիւններ ու բարեմաղթութիւններ փոխանցեց Հայորդեաց տուներու տնօրէններուն ու փոխ-տնօրէններուն։ Ան մեծապէս կարեւորեց այդ կառոյցներու առաքելութիւնը հայ ժողովուրդի եւ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց վարչական պատասխանատուները, մանկավարժները՝ նախանձախնդիր ու նուիրեալ աշխատանքի համար։ Ան յորդորեց շարունակել արդիւնաւոր առաքելութիւնը՝ մատաղ սերունդին համար ճիշդ խնամք ու դաստիարակութիւն ապահովելու գործին մէջ։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայորդեաց տուներու առջեւ ծառացած խնդիրներու յաղթահարման եւ անոնց գործունէութիւնը առաւել արդիւնաւոր դարձնելու ուղիներուն։

Չորեքշաբթի, Յունուար 19, 2022