ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԸ ՍՏԵՂԾԵՑ ՄԵԾ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմի առաջնորդարանի դիւանը թողարկեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որ կը վերաբերի Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի վերջին հովուապետական այցելութեան։ Նորին Սրբութեան ուղեւորութեան շուրջ հաղորդած էինք զանազան տեղեկութիւններ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք թեմին կողմէ թողարկուած հաղորդագրութիւնը, որ կը ցոլացնէ Նորին Սրբութեան այցելութեան ժամանակագրութիւնը։

Ուրբաթ, 8 փետրուարի առաւօտուն, ի ներկայութեան հայ եւ աւստրալական մամուլի եւ հեռատեսիլի լրագրողներու, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը առաջնորդարանին մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ներկայ էին Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեան եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։

Վեհափառ Հայրապետը լրագրողներուն բացատրութիւն տուաւ Սուրբ Էջմիածնի տարած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Աւստրալիա իր յաջող այցին մասին: Նորին Սրբութիւնը սպառիչ բացատրութիւն տուաւ լրագրողներու հարցումներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ցուցաբերած յարգանքին ու հետաքրքրութեան համար:

Վեհափառ Հայրապետին Սիտնի ութօրեայ եւ Մելպուռն եռօրեայ յաջող այցելութեան ընթացքին գործադրուեցաւ հետեւեալ ծրագիրը.

Շաբաթ, 2 փետրուարին, Վեհափառ Հայրապետը առաւօտուն Ս. Յարութիւն առաջնորդանիստ մայր եկեղեցի, իսկ յետմիջօրէին՝ Արեւմտեան Սիտնիի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի՝ «Հրաշափառ»ով եւ «Աղ ու հացի» օրհնութեամբ մուտք գործեց եւ կատարեց եկեղեցւոյ երկրպագութեան արարողութիւն, որուն հետեւեցաւ աջահամբոյր: Վեհափառ Հայրապետը փայտեայ խաչեր նուիրեց բոլոր հաւատացեալներուն: Յաւարտ արարողութեան տեղի ունեցաւ ժողովուրդի հետ հանդիպում:

Կիրակի, 3 փետրուարին, առաւօտեան Ս. Յարութիւն մայր եկեղեցւոյ մէջ Վեհափառ Հայրը մատուցեց Հայրապետական Պատարագ, ի ներկայութեան բազմահարիւր հաւատացեալներու, պետական պաշտօնեաներու, հայ եւ աւստրալացի հոգեւոր հայրերու: Պատարագին մասնակցեցաւ նաեւ Նիւ Սաութ Ուէյլզի նահանգապետուհի Կլատիս Պերեճիկլեան: Նահանգապետուհիի տարած բազմավաստակ աշխատանքին համար Նորին Սրբութիւնը զինք պատուեց Հայրապետական կոնդակով եւ շնորհեց «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշան:

Կէսօրէ ետք, մասնակցութեամբ բազմահարիւր հաւատացեալներու, շուրջ վաթսուն պաշտօնական հիւրերու, հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, Առաջնորդարանի բարերարներու եւ հայ ու աւստրալացի լրագրողներու, Վեհափառ Հայրապետը կատարեց պաշտօնական բացումը նորակառոյց Առաջնորդարանին: Իր պաշտօնական խօսքին ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը Արքութեան տիտղոս շնորհեց Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի առաջնորդ Տ. Հայկազուն Եպսկ. Նաճարեանին, զայն վերանուանելով Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեան: Հանդիսութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը Հայրապետական կոնդակով եւ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանով պատուեց Առաջնորդարանի գլխաւոր բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկին Լորիս եւ Սօնիա Խանճեանները:

Երեկոյեան, ի ներկայութեան հայկական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու, բարձրաստիճան քաղաքական եւ հոգեւոր եկեղեցապետերու եւ 300 հիւրերու, «Միրամար Կարտընզ» պանդոկի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ, ի պատիւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական բարձրորակ յայտագիր:

Երկուշաբթի, 4 փետրուար, նահանգապետուհի Կլատիս Պերեճիկլեան, Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանին մէջ ճաշկերոյթ ոթ տուաւ ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին, մասնակցութեամբ բարձրաստիճան հոգեւոր եւ քաղաքական պաշտօնատարիերու եւ հայկական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու: Բոլոր պաշտօնական միջոցառումներուն եւ ճաշկերոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մեծ բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկին Հայկ եւ Էլզա Տիտիզեանները, որոնք, Հայրապետական այցին յատուկ առիթով, ժամանած էին Սիտնի: Ճաշկերոյթէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբով ընդունուեցաւ Սիտնիի Կաթոլիկ Սէյնթ Մէյրիզ տաճարի հիւրատան մէջ, լուսարարապետ Տոն Ռիչըրտսըն վարդապետին եւ օգնական եպիսկոպոս Ռիչըրտ Ամպըրզի կողմէ: Վեհափառ Հայրապետը կատարեց շրջապտոյտ, որուն ընթացքին Նորին Սրբութեան բացատրութիւն տրուեցաւ տաճարին եւ անոր 200-ամեայ պատմութեան մասին: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ աղօթք բարձրացուց Ազգային ժառանգ համարուող տաճարի մուտքին՝ 18 դեկտեմբեր 2018-ին զետեղուած հայկական խաչքարին, որուն նուիրատուներն են Տէր Եւ Տիկին Ստեփան եւ Հիլտա Քըրքեաշարեանները եւ որ նուիրուած է եղեռնի յիշատակին:

Երեքշաբթի 5 եւ չորեքշաբթի 6 փետրուարին, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Համազգայինի Արշակ եւ Սոֆի Կոլստըն ճեմարան եւ ՀԲԸՄ-ի Ալեքսանտր վարժարան, ուր «Աղ ու հաց»ով դիմաւորուեցաւ աշակերտութեան, ուսուցչական կազմերուն եւ տնօրէններուն ու հոգաբարձու մարմիններուն կողմէ: Վեհափառ Հայրապետը այցելեց նաեւ Հայ հանգստեան տուն, ուր ճաշի հիւրը եղաւ տնօրէնութեան:

Երեկոները Վեհափառ Հայրը Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց հայկական հոգեւոր, քաղաքական, բարեսիրական, մշակութային, կրթական եւ մարզական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ ունեցաւ սրտբաց զրոյց անոնց հետ:

Հինգշաբթի, 7 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Վեհափառ Հայրապետը Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ հայ երիտասարդութեան հետ: Ան պատասխանեց երիտասարդութեան բոլոր հարցումներուն, որոնք ունէին աստուածաբանական, վարչական եւ յարաբերական բնոյթ:

Ուրբաթ, 8 փետրուարին, մամլոյ ասուլիսէն անմիջապէս ետք Վեհափառ Հայրապետը Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Մերձաւոր Արեւելքի եկեղեցիներու Աւստրալիոյ եկեղեցապետերը՝ Ղպտի Ուղղափառ, Ղպրտի Կաթոլիկ, Մելքայթ Կաթոլիկ, Մարոնիտ, Սիրիաք Ուղղափառ: Եկեղեցապետերը եկած էին բարի ճանապարհ մաղթելու Վեհափառ Հայրապետին եւ իրենց շնորհակալական ու երախտագիտական զգացումները յայտնելու 2018-ի յունիսին Նորին Սրբութեան զիրենք Սուրբ Էջմիածնի մէջ ամբողջ մէկ շաբաթ ընդունելուն համար:

Կէսօրէ ետք Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Մելպուռն, այնտեղ շարունակելու համար իր հովուապետական առաքելութիւնը:

Շաբաթ, 9 փետրուարին, առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը «Հրաշափառ»ով մուտք գործեց Ս. Աստուածածին եկեղեցի: Տեղի ունեցաւ աջահամբոյր: Կէսօրին, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Ակինեան եւ Մեսրոպ Մաշտոց-Մատթէոսեան միօրեայ վարժարաններու ուսուցչական կազմերուն, հոգաբարձութեանց անդամներուն, աշակերտութեան եւ ծնողներուն հետ: Ամենայն Հայոց Հայրապետը փոքր նուէրներ յանձնեց բոլոր ներկաներուն:

Երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Մելպուռնի մէջ գործող հայկական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն հետ:

Կիրակի, 10 փետրուարին, Վեհափառ Հայրապետը Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Հայրապետական Պատարագ եւ տուաւ իր Հայրապետական պատգամը: Յընթացս Ս. Պատարագի, Վեհափառ Հայրապետը Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նուիրեց արծաթեայ սկիհ մը եւ հոգեւոր հովիւ Տ. Խաչեր Քահանայ Յարութիւնեանը պարգեւատրեց արծաթեայ լանջախաչով:

Յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին, Վեհափառ Հայրապետը կատարեց բացման արարողութիւնը՝ եկեղեցւոյ բակը զետեղուած խաչքարին, որ կանգնած է ի նշանաւորումն Նորին Սրբութեան հովուապետական այցելութեան եւ զայն օծեց սրբալոյս միւռոնով: Խաչքարը նուիրուած է հայաստանաբնակ ճարտարապետ Ռուբէն Ազատեանի կողմէ, քանդակագործն է Լուդովիկ Ղազարեան:

Երեկոյեան տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը, ի պատիւ Վեհափառ Հօր, համեմուած մշակութային պատառիկներով։ Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր պատգամը եւ աղօթքով ու օրհնութեամբ հրաժեշտ տուաւ ներկաներուն։

Երկուշաբթի, 11 փետրուարին, Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Մելպուռնէն:

Երեքշաբթի, Փետրուար 19, 2019